Ծնած է Պրուսա, Սէօլէօզցի ծնողքէ։ Մանկութեան եւ պատանութեան տարիները անցուցած է այդ միջավայրին մէջ, բացառութեամբ տարիի մը, – 1899, զոր կ՚անցնէ Արմաշու դպրեվանքին մէջ՝ 1900ին գիւղ դառնալու համար կրկին, իբրեւ ուսուցիչ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Պրուսայի ազգային վարժարանին մէջ, վեցամեայ ընթացքով։ Իր վրայ խորապէս տպաւորած են Պրուսայի եւ Սէօլէօզի միջավայրերը, թրքութեան եւ հայութեան առանձին բարքերով, տիպարներով, կեանքով։ Համեստ բանուորներ եղած են հայրն ու մայրը, – առաջինը՝ պարտիզպան, երկրորդը՝ աշխատաւոր, մետաքսի մանարաններու մէջ։ 1908ի սահմանադրութեան հռչակումով, երբ նաեւ հայ գրական կեանքը թափ կը ստանայ, կ՚աշխատակցի Պոլսոյ թերթերուն եւ կու տայ իր առաջին պատմուածները՝ «Խոնարհներու»ու շարքը։ 1911ին Մալկարա է, 1912ին Պոլիս, ուսուցչական պաշտօնով։ 1914ի «Մեհեան»ի ուխտաւորներէն մէկը ինքն է, – Վարուժանի, Բարսեղեանի, Զարեանի եւ Ահարոնի հետ։ Մինչեւ 1918 կը յաջողի խուսափիլ Օսմանեան ոստիկանութեան հեւ ի հեւ փնտռտուքէն, կը ձերբակալուի ութ անգամ, սակայն՝ միշտ ալ կը գտնէ կերպը խոյս տալու։ Պատերազմի լրումին կ՚անցնի Պուլկարիա, գերման սպայի տարազով։ Յետ պատերազմի, Պոլսոյ մէջ իր կեանքը գրական բեղուն գործունէութեան նոր շրջան մը կ՚ունենայ։ 1924-1948, մինչեւ իր մահը, իբրեւ գրականութեան դասախօս՝ կ՚ապրի Եգիպտոս, Կիպրոս, Փարիզ, Երուսաղէմ, ու կը շիջի անակընկալ մահով՝ Հալէպի մէջ, ուր կը գտնուէր այցելութեամբ։ Յակոբ Օշական իր վէպերով, յատկապէս «Մնացորդաց»ով եղաւ վիպումի մեծ վարպետ մը։ Իր քննադատութեամբ եւ տպաւորապաշտ էջերով, եղաւ միակ քննադատը հայ Իրապաշտ եւ արուեստագէտ սերունդին։