Պետրոս Զօպեան

Պետրոս Զօպեան
Պետրոս Զօպեան

1923-ին ծնած է Օրթագիւղ, ուր ալ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, թաղի Ս. Թարգմանչաց վարժարանին մէջ։ Ապա աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Ստանպուլի թեքնիքական համալսարանի ճարտարապետութեան բաժնէն։ 1950-ին, երբ մահացած է իր աները՝ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի արտօնատէր եւ խմբագրապետ Սուրէն Շամլեան, ստանձնած է թերթին վարչութիւնը։ Մինչեւ 1967-ին Քանատա գաղթը, շարունակած է այս պաշտօնը, միաժամանակ ի գործ դնելով իր բուն մասնագիտութինը՝ ճարտարապետութիւնը։ Մայիս 1964-ին Պոլիս ծանօթացած է Ուիլիըմ Սարոյեանին, որ Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթած ընտանիքի մը զաւակն էր։ Սարոյեանին ուղեկցած է դէպի Պիթլիս իր ուղեւորութեան ընթացքին։ «Արաս» հրատարակած է Զօպեանի «Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» հատորը, ուր ան պատմած է այս ուղեւորութեան մասին։ Եղած է 1958-ին ապասեփականացուած Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ փոքր մէկ տարածքին վրայ կառուցուած համանուն եկեղեցւոյ ճարտարապետը։ Քանատա բնակութեան տարիներուն շարունակած է աշխատակցիլ «Նոր Մարմարա»ին եւ սփիւռքահայ մամուլին։ 2004-ին մեռած է Թորոնթօ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.