Ռուբէն Մաշոյեան

Ռուբէն Մաշոյեան
Ռուբէն Մաշոյեան

1928-ին ծնած է Բերա, Պոլիս։ Նախակրթութիւնը ստացած է Էսաեան վարժարանէն, ապա 1946-ին աւարտած է Կեդրոնականը։ Միջոց մը ուսանած է Ստանպուլի համալսարանի տնտեսագիտութան բաժինը։ 1948-ին իր կողմէ հիմնադրուած «Դէպի լոյս» մատենաշարը դարձած է նոր սերունդէ հայ բանաստեղծներու համար հարթակ մը։ 1950-ին հիմնադրած է «Դէպի լոյս» շաբաթաթերթը, որ աւելի վերջ հրատարակուած է որպէս ամսաթերթ։ Միջոց մը ետք նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով պարբերականը դադրած է հրատարակութենէ։ 1951-52 տարեշրանին հայերէն դասաւանդած է Գարակէօզեան վարժարանի մէջ։ Բերած է իր նպաստը «Հանդէս մշակոյթի», «Նոր դար», «Ժամանակ», «Ակօս», «Նոր սան» եւ նման պարբերական հրատարակութիւններուն։ Հայերէնի վերածած ու գրքոյկի ձեւով հրատարակած է մանկական գրականութեան դասական գործերը։ «Դէպի լոյս», «Ճգնաւոր», «Ռ. Բագրատունի», «Ռա-Մեն», «Սարկաւագ» ծածկանուններով գրառած է յօդուածներ, պատմուածքներ, երգիծական գրութիւններ։ 1990-ին հրատարակած է «Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով» հատորը, ուր ի մի ամփոփած է վաղամեռիկ քերթողին ստեղծագործութիւններն ու նամականին, ինչպէս նաեւ իր մասին յայտնուած կարծիքները։ Աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է միութենական գործունէութեան, կազմակերպած է համայնքային հարցերու նուիրուած ասուլիսներ, սարքած՝ բանախօսութիւններ։ Երկար տարիներ վարած է առեւտրական հրատարակութիւններ իրականացնող փոքր տպարան մը։ Մեռած է 1999-ին, Պոլիս։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.