Վահրամ Թորգոմեան ծնած է 1858-ին, Սկիւտար։ Սկզբնական կրթութիւնը թաղի Ս. Խաչ վարժարանէն ստանալէ ետք, ուսումը շարունակած է Կալաթասարայի վարժարանի եւ ապա Կայսերական բժշկական հաստատութեան մէջ։ Մասնագիտանալով Փարիզի մէջ, վերադարձած է Պոլիս։ Վարիչ պաշտօններ ստանձնած է կրթական կեանքէ ներս, եղած է Հայ Բժշկական միութեան հիմնադիրներէն։ Որպէս բժիշկ հեղինակութիւն կը վայելէր պալատական շրջանակներէն ներս, ըլլալով նաեւ Ապտիւլմէճիտ իշխանի անձնական բժիշկը։ Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ՝ հայկական բժշկութեան պատմութեան մասին։ Իր կարեւորագոյն հրատարակութիւնն է Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի «Ստամպօլոյ պատմութիւն»ը, երեք հատորով, հարուստ ծանօթագրութիւններով։ 1915-ին աքսորուած է միւս հայ մտաւորականներուն հետ, սակայն եղած միջամտութիւններու արդիւնքին վերադարձած է Պոլիս։ Մատկանացուն կնքած է 1942-ին, Փարիզ։