Բուն անունով Արամ Չէքէմեան։ Ծնած է Շապին Գարահիսար: 1915-ի օրերուն ապրած է քիւրտ բեկի մը քով, ունենալով «Միւսլիմ» անունը։ Հետագային մանրամասն գրած է այս տարիներու յուշերը: 1919-ի գարնան փախած եւ հասած է Սեբաստիա, հոնկէ Պոլիս՝ հօրաքոյրերուն քով, որոնք զինք ղրկած են Կեդրոնական վարժարան, որպէսզի, իր խօսքով, «կաշի կրող» չըլլար: Շուտով փոխադրուած է Միացեալ նահանգներ, ուր ապրած է ամբողջ իր կեանքը։ Դեռ Պոլսոյ մէջ ուսանող, իր առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է Պոսթոնի «Հայրենիք» թերթին մէջ՝ «Արամ Կարմիրեան» ստորագրութեամբ: Եղած է սփիւռքահայ գրականութեան ամենէն ընթերցուած եւ սիրուած հեղինակներէն մէկը։
Գրական գործերը ամփոփուած են հետեւեալ հատորներուն մէջ՝
«Ցեղին ձայնը» (Ա. հատոր, 1949, Բ. հատոր, 1954)
«Շապին Գարահիսար եւ իր հերոսամարտը» (1957)
«Չորս աշխարհ» (1962)
«Պանդոկ» (1967)
«Կարօտ» (1971)
«Չորս Տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (1973)
«Երջանկութիւն» (1978)