1953-ին ծնած է Ռումելիհիսար, Պոլիս։ Մանկութիւնը անցած է Թաքսիմի հայաշատ Ֆերիտիէ պողոտային վրայ։ Կրթութիւնը ստացած է Էսաեան, Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Հիմնադիրներէն մէկն է Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ Սայեաթ–Նովա երգչախումբին։ Պատմուածքները հրատարակուած են «Նոր Սան» եւ «Հոպինա» հանդէսներուն, «Նոր Մարմարա» եւ «Ակօս» թերթերուն մէջ։
Էսդուքեանի նախապէս հայերէն գրուած եւ իր իսկ թրքերէնի թարգմանած պատմուածքներէն ընտրանի մը 2011-ին հրատարակուած է «Էւերեսթ» հրատարակչատան կողմէ։
Ան ամուսնացած է, ունի երկու որդի։ Այժմ կը վարէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերուն խմբագիրի պաշտօնը։