Բագրատ Էսդուքեան

Բագրատ Էսդուքեան
Բագրատ Էսդուքեան

1953-ին ծնած է Ռումելիհիսար, Պոլիս։ Մանկութիւնը անցած է Թաքսիմի հայաշատ Ֆերիտիէ պողոտային վրայ։ Կրթութիւնը ստացած է Էսաեան, Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Հիմնադիրներէն մէկն է Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ ՍայեաթՆովա երգչախումբին։ Պատմուածքները հրատարակուած են «Նոր Սան» եւ «Հոպինա» հանդէսներուն, «Նոր Մարմարա» եւ «Ակօս» թերթերուն մէջ։

Էսդուքեանի նախապէս հայերէն գրուած եւ իր իսկ թրքերէնի թարգմանած պատմուածքներէն ընտրանի մը 2011-ին հրատարակուած է «Էւերեսթ» հրատարակչատան կողմէ։

Ան ամուսնացած է, ունի երկու որդի։ Այժմ կը վարէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերուն խմբագիրի պաշտօնը։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.