Կարմլիկ անունով ձկնիկ մը իր ճամբուն վրայ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի։ Ինքզինք գտնելու ճամբան դիւրին չէ։ Սակայն այստեղ քարերը կը շարժին, գետերը պատմութիւններ կը պատմեն եւ ջրվէժները օգնութեան կը հասնին։
«Կարմլիկ»ը մանկական պարզութեան եւ ժողովրդական հեքիաթներու սիրուն համադրութիւն մըն է․ մէկ կողմէ՝ իւրայատուկ լեզուով պատմուած արկածախնդրութիւններու շարք է, միւս կողմէ՝ փնտռտուքի ուղի։ Ներշնչուած Համշէնի բանահիւսութենէն, «Կարմլիկ»ը մեզ կը տանի աշխարհ մը,…
«Տղու հոգի» պատմուածքներու ժողովածուն Արամ Հայկազի գրուածքներն են մանկութեան անմեղ պահերու, ընտանեկան կեանքի ուրախ, երբեմն ալ՝ չարաճճի դէպքերու մասին։
Մտերմիկ ու կատակախառն պատմութիւններու շղթայ մըն է, ուր տղոց անկեղծ ժպիտն ու անսպասելի արկածները կը միանան ծնողներու գուրգուրանքին, հոգիները ջերմացնող պատկերներու ընդմէջէն։
Այլ ենթախորքի վրայ, գիրքը նաեւ ծնողք ըլլալու մասին է, կեանքի եւ առօրեայ հոգերու շօշափում մը կը պարունակէ տողատակերուն…
«Քարէ Պուպրիկ»ը կարդալով կ՚այցելենք 1940-ականներու Պոլիսը եւ ականատես կ՚ըլլանք կերպարներուն առօրեայ հեւքերուն եւ ապրումներուն։ Չորս արարներէ բաղկացած Սօնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեանի այս գործը կը պատկերէ այդ օրերու պոլսահայութիւնը, ընտանեկան յարաբերութիւններու նուրբ գիծերը, երիտասարդներու իտէալները եւ անձնական փնտռտուքները։ Այս հատորը նաեւ ինքնատիպ վկայութիւն մըն է արեւմտահայ բեմագրութեան, լեզուի զարգացման պատմութեան եւ 20-րդ դարու պոլսահայ կենցաղին ու հոգեբանական շերտերուն շուրջ։ «Քարէ Պուպրիկ»ը…
Պատումներու այս երկրորդ շարքով, Անահիտ Սարգիսեան կը պատմէ այն աշխարհին մասին, ուր «իմս քուկդ չկա՛ր»։ Ընթերցողին առջեւ կը կախուի անհետացող աշխարհին սովորական առօրեայէն փրթած, գողտրիկ պատկերներ՝
աջ ձախ
առջեւ ետեւ
ո՛ւր որ դարձար
հո՛ն…
Ընդառաջումը Գրիգոր Պըլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոն է, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ պատկերներ ու խորհրդածութիւններ։ Իր չորս բաժիններով, գիրքը ընթերցողը կը մխրճէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։
«ԿԱՄ մատենաշար»ի այս երկրորդ միաւորը ԺԹ. դարու ազգայնացումի երեւոյթին կ՚անդրադառնայ, իրարմէ անջատելով ու կողք կողքի դնելով անոր երկու երեսները՝ ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը եւ առասպելաբանական կրօնքին գիւտը։ Երկուքին միջեւ կապակցութիւնը յայտնի կը դառնայ միայն երբ նկատի առնենք կայսերական իշխանութեան համակարգին մէջ՝ ենթակայ ժողովուրդներուն մօտ ազգայնացումի հոլովոյթը։ Նշանեան նոյն երեւոյթին երկու երեսներէն իւրաքանչիւրը պահած է իր բաժնին մէջ, երկուքին միջեւ ագուցումը կրկին…
Զաւէն Պիպեռեան, թէեւ իր մահէն տասնամեակներ անց, կ՚ընկալուի որպէս հայ գրականութեախն լաւագոյն գրողներէն մին։ Մէկը միւսէն արժէքաւոր իր երեք վէպերը կարեւոր գրուածքներ են, որոնք կը պեղեն 1950-ականներու Թուրքիան, այնտեղ որպէս հայ բնակելու հոգեբանութիւնը, ներընտանեկան խոշոր ծանրութիւնները, դասակարգային խնդիրները։ Այս կապոցը առիթ մըն է ծանօթանալու մեծ հեղինակի մը կամ աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու անոր գրականութեան։
Խաղա՛նք հայերէն… Սուտօքու մտածելու վարժանք մըն է նախեւառաջ եւ այս վարժանքը կարելի է առիթի վերածել նաեւ լեզուի զարգացման համար։ «Գոյնզգոյն Սուտօքու»ի երեք գիրքերը յատուկ զեղչով հասանելի են մէկ կապոցով։ 4-7 տարու մանուկներուն համար պատրաստուած «Գոյնզգոյն սուտօքու»ին նպատակն է մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնել մտախաղերու հանդէպ։
Ան կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը,…
Նազնազիկը, իր սակաւաթիւ էջերուն մէջ կը պարփակէ անսահման սէ՛րը, անսահման սէրով հիւսուած գեղեցիկ կապը մեծ մայրիկին եւ մէկ հատիկ թոռնիկին։
Փետուր էջերը յուշիկ յուշիկ թերթելով, մատղաշ ընթերցողը պիտի դառնայ ոսկի թոռնիկը այս գրքոյկին, պիտի մտնէ մեծ մայրիկին անյատակ կարի տուփին մէջ, շօշափելու արժէքներ, չնչին գանձեր՝ այսօր անտեսուած կամ ջնջուած։
Նախնիներէն հասած երգին ուժով, նախնիներէն հասած ի՛ր երգով, մատղաշ…
Բարի վերամուտ կը մաղթենք բոլոր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։ Վերամուտի առթիւ դպրոցական տարիքի հաճելի եւ օգտակար նոր կապոց մը պատրաստած ենք։ Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը, Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք, Ես կը գծեմ իմ ճամբան եւ Պարոն կւոձ գիրքերէն բաղկացած կապոցը, %50 զեղջ պիտի ունենայ ամբողջ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։