Այս գիրքը ծրագրուած է՝ ծնողներու, չափահասներու կամ մանկավարժներու առաջնորդութեամբ ծառայելու նախադպրոցական շրջանի 5-6 տարեկան մանուկներու բազմակողմանի զարգացման: «Պարտէզ»ին նպատակն է մանուկը ծանօթացնել երկրաչափական ձեւերուն, վարժեցնել մատիտ գործածելու, զարգացնել ընկերա-հոգեկան հաղորդակցութիւնը մանուկին ու չափահասին միջեւ, ստեղծել միասին գործելու կարելիութիւն։ Գիրքը պատրաստած է մանկավարժ Արուսեակ Քոչ, նկարազարդած՝ Էմինէ Պորա։
Գծագրութեան այս գիրքը, որ տարիներէ ի վեր կ՚արժանանայ ծնողներու գնահատանքին, պատրաստուած է հարստացնելու համար նախադպրոցական տղոց բառապաշարը։ Նպատակն է մանուկը ծանօթացնել իր անմիջական շրջապատին գտնուող անասուններուն, իրերուն եւ այլն։ «Իմ ընկերս» պատրաստուած է հայոց այբուբենի 38 տառերով՝ իւրաքանչիւրին դիմաց բառ մը դնելու սկզբունքով։ Մանուկները պիտի չկարենան հեռանալ այս գիրքէն, ուր անոնք կամաց-կամաց պիտի սորվին նաեւ գրել ու կարդալ տառերը։ Հոն…
Փոքրիկներու հայերէն գրել սորվեցնելու նախաքայլ մը կը հանդիսանայ այս Գրավարժութիւն 1 աշխատութիւնը: Պարզ գիծէն սկսելով էջերը քայլ առ քայլ աշակերտը կ'առաջնորդեն դէպի հայոց այբուբենին, իւրաքանչիւր տառը գրել սորվելու աշխատանքին: Այս երկը պատրաստուած է Փայլինէ Թովմասեանի եւ արուեստագէտ Վարդան Փաչաճըի կողմէ:
Փոքրիկներու հայերէն գրել սորվեցնելու նախաքայլ մը կը հանդիսանայ այս Գրավարժութիւն 2 աշխատութիւնը որ կը յաջորդէ առաջինին: Պարզ գիծէն սկսելով էջերը քայլ առ քայլ աշակերտը կ'առաջնորդեն դէպի հայոց այբուբենին, իւրաքանչիւր տառը գրել սորվելու աշխատանքին: Այս երկը պատրաստուած է Փայլինէ Թովմասեանի եւ արուեստագէտ Վարդան Փաչաճըի կողմէ: