«Արաս» հրատարակչութիւնը ուսումնական այս նոր տարեշրջանին մանաւանդ դպրոցական հասակի պատանիներուն կը ներկայանայ հայ գրականութեան ընտրանիով մը։ «Երբ պատանի ենք» գիրքը նախատեսուած է ո՛չ միայն դպրոցականներուն համար, այլ բոլոր տարիքէ ընթերցողներու համար առհասարակ։
«Երբ պատանի ենք» գիրքով կարելի է ծանօթանալ ժամանակակից հայ գրողներու պատմուածքներէն խտացուած ու պարզեցուած նմուշներու, որոնց մէջ հերոսները կ՚երեւին իրենց մանուկի կամ պատանիի յուզումներով ու ապրումներով։ Ամերիկայի մէջ…
«Դուն աղա, ես աղա, մեր ալիւրը ով աղա» երգիծանքով ու իմաստութեամբ հիւսուած գիրքն մըն է, որ յատկապէս պիտի գրաւէ պատանի ու երիտասարդ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը։ Ստանպուլահայ գրականութեան ամենաբեղուն գրիչներէն, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի այս գործը մուտք մըն է հայկական առածներու անսահման աշխարհէն ներս։ Հարիւր, թերեւս հազարամեակներ շարունակ ժոովուրդին քանի մը բառի մէջ խտացուցած այս խօսքերը Հատտէճեան կը մեկնաբանէ պարզ,…
Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Ի. դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ։ «Սպասման սրահին մէջ» գրագիտուհի տիկնոջ առաջին վէպն է, որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»ի մէջ, սեպտեմբեր 1903-էն սկսեալ։ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը կը ներկայացնէ գիրքը, ուր երիտասարդ սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան…
Սուտօքու, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» շարքի երկրորդ գիրքը, առաջինին նման, ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ մտախաղերու հանդէպ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու Գ» մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան…
Սուտօքու, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» շարքի երկրորդ գիրքը, առաջինին նման, ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ մտախաղերու հանդէպ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու Բ» մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան…
Սուտօքու, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ կը փափաքի մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնել մտախաղերու հանդէպ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու» մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան կեդրոնանալ որոշ նիւթի մը…
Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Ստանպուլահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած են «Ծովը» հատորին մէջ։ Ինչպէս վէպերուն, այնպէս ալ պատմուածքներուն մէջ Զաւէն Պիպեռեան կը ներկայացնէ իր լեզուին ու գրչին տաղանդը՝ պեղելով մարդկային հոգիի տարբեր վիճակները՝ տարբեր քաղաքներու, շրջանակներու, հասարակութիւններու մէջ։ Իր…
Իսթանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։
Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը…
«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը։
Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ…
Ուիլիըմ Սարոյեան (1908-1981), Ի դարու համաշխարհային գրականութեան դասական արձակագիրներէն, Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր անկիւնները կ՚որսայ հայու կեանքեր ու զանոնք կը վերածէ եզակի պատմութիւններու։ Իւրաքանչիւր պատմուածք ուրոյն դէմք մը կը ներկայացնէ մեզի՝ երբեմն ծիծաղաշարժ, սակայն խորքին մէջ նաեւ՝ քիչ մը տխուր։ Ըլլալով հանդերձ փառքի գագաթներ նուաճած հեղինակ մը, Սարոյեան երբեք չէ կորսնցուցած իր մանկական խանդավառութիւնը, կեանքը անմեղի մը աչքերով դիտող ու հարցաքննող…