Ստանպուլահայ երիտասարդ բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլուի անդրանիկ բանաստեղծական հաւաքածոն է «Անանուն երազ» հատորը: Այս հատորին մէջ կան մօտ յիսուն բանաստեղծութիւն, որոնք մեծ մասամբ լոյս տեսած են «Նոր Մարմարա», «Ժամանակ» օրաթերթերուն, «Ակօս» շաբաթաթերթին եւ Մխիթարեան սանուց միութեան «Նոր Սան» պարբերաթերթին մէջ: Բանաստեղծուհին կը հետեւի իր նախորդներու աւանդութիւններուն՝ բերելով նաեւ իր ուրոյն խօսքը։
Ծնած է 1975- ին, Պոլիս։ Շրջանաւարտ է Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն եւ Անատոլու համալսարանի հանրային յարաբերութիւններու ճիւղէն։ Արձակ ու չափածոյ գործերը հրատարակուած են «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս», «Նոր սան», «Շիրակ» (Պէյրութ) եւ նման պարբերականներու էջերուն։ Քանի մը գործերը թարգմանուած են անգլերէնի, արաբերէնի ու վրացերէնի։ 1998-2006 թուականներուն աշխատած է «Հիւրրիէթ»ի մշակոյթի ու արուեստի բաժնին մէջ։ Կ՚աշխատի Turkish Daily News անգլիալեզու թերթին մէջ։