187,50 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
Գիրքը կը պարունակէ 15 պատկերազարդ պատմուածք՝ պատրաստուած յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական–Ոսկերիչեանի կողմէ: Այս պատմուածքները քաղուած են տարբեր ժողովուրդներու բանահիւսութիւններէն, նաեւ հայկական հէքեաթներէն: Գիրքը նկարազարդած է Սերգէյ Ռուբինեան եւ գունաւորած՝ Էմինէ Պորա: Այս մէկը վերջինն է յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական Ոսկերիչեանի եռահատոր պատմուածքներու շարքին, զոր պատրաստած էր յատկապէս մանուկներուն համար:
Դուստրն է անուանի վիպագիր, քննադատ, մանկավարժ Յակոբ Օշականի։ Ծնած է 1919-ին Փլովտիւ, ուր ապաստանած էր հայրը իր տարագրութեան շրջանին։ 1924-ին ընտանեօք փոխադրուած են Գահիրէ, Եգիպտոս։ 1926-ին Կիպրոս, 1934-ին ալ Երուսաղէմ էր Անահիտ Օշական՝ Ս. Յակոբեանց վանքի եւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ հօրը ստանձնած ուսուցչական պաշտօններու բերմամբ։ Իր կրթութիւնը ամբողջացուցած է Երուսաղէմի Ամերիկեան քոլեճին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով մեկնած է Փարիզ։ 1943-ին իր կեանքը միացուցած է Տիրան Ոսկերիչեանի հետ, որ հետագային պիտի դառնար Միջին Արեւելքի նշանաւոր ճարտարապետներէն մէկը։ Ունեցան երկու զաւակ։ Օշական-Ոսկերիչեան որպէս մանկավարժ պաշտօնավարած է Երուսաղէմի մէջ։ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան շրջանին Ոսկերիչեան ամոլը հաստատուեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամման, ուր տիկին Անահիտ վերստին սկսաւ աշխատիլ որպէս մանկավարժ։ Հանգստեան կոչուելէ յետոյ ալ չխզեց իր կապը կրթութեան ոլորտին հետ, մշակեց նոր ծրագիրներ։ «Արաս» Օշական-Ոսկերիչեանէ հրատարակած է մանկական երեք գիրք։ Ան իր մահկանացուն կնքած է 2005-ին, Ամմանի մէջ։