195,00 ₺
Etiket Fiyatı: 260,00 ₺
Եղնիկը, որ անտառի ամենէն համով կարկանդակները կը պատրաստէ, ամէն օր պտուղ կը հաւաքէ միայն իրեն ծանօթ գաղտնի ու բերրի հողատարածքէ մը։ Ան իր հաւաքած պտուղներով ու Գաղտնի Համերու Գիրքին ալ օգնութեամբ հրաշքներ կը գործէ խոհանոցին մէջ՝ ցերեկէ ետք թէյի ընկերակցութեամբ համեղ քաղցրեղէններ հիւրասիրելով անտառի իր ընկերներուն։ Օր մը սակայն Գաղտնի Համերու Գիրքը կը կորսուի։ Բարկացած Եղնիկը երբ կը սկսի հետապնդել իր գիրքը՝ կը հանդիպի տարօրինակ ու խորհրդաւոր դէպքերու։ Անակնկալ կերպով լուծուած գաղտնիքներու դիմաց Եղնիկին ցուցաբերած վարքը մեզի ցոյց կու տայ հետեւեալը. չկայ դուռ մը, որ չկարենայ բանալ բարութիւնն ու ներողամտութիւնը։ Աշխարհահռչակ մանկագիր Սուսաննա Իսերնի, որու գործերը թարգմանուած են նաեւ թրքերէնի, 3+ տարիքային խումբի համար գրած այս հոյակապ պատմութեամբ մանուկները պիտի ծանօթանան նախանձէ յառաջացած զգացական հակազդեցութիւններու, լայնախոհութեան կարեւորութեան ու ներելու յատկութեան։
Եղնիկ մը որ ամտառին ամենահամով կարկանդակները կը պատրաստէ։ Անհետացած խոհագիրներու գիրք մը։ Լուծուելիք գաղտնիք մը։
“Անտառին գաղտնիքը” գեղեցիկ պատմութիւն մըն է, որ մեզի խորհրդածել կու տայ, նախանձի պարագային, դիմացինը ըմբռնելու եւ ներողամիտ ըլլալու կարողութեան եւ կարեւորութեան մասին։
Սուսաննա Իսէրն, մրցանակակիր մանկագիր եւ հոգեբան է։ Ծնած է 1978−ին, Սպանիոյ Սէօ տէ Ուրխէ քաղաքը։ Պատկերազարդ առաջին գիրքը հրատարակուած է 2011−ին։ Ցարդ հեղինակած է աւելի քան երեսուն մանկական գիրք։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ դարձած է համաշխարհային անուն մը եւ իր գործերը թարգմանուած են աւելի քան տասը լեզուներու։ Իսերն, որ իր աշխատանքներուն մէջ հոգեբանութիւնն ու գրականութիւնը կը մէկտեղէ, միաժամանակ համալսարաններու մէջ կը դասախօսէ՝ ուսանելու հոգեբանութեան մասին։ Ան որպէս հոգեբոյժ կ՚աշխատի նաեւ մասնաւոր հիմնարկի մը մէջ։