Անցուկը մոռցուկ պոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ

Վահրամ Թորգոմեան

250,00 

Etiket Fiyatı: 500,00 

%50
Սեռ՝Յուշագրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յուլիս 2020

Էջն ու չափերը՝

592 էջ, 15x21 սմ

ISBN

9786052100806

Բացատրութիւն՝

Պոլսահայոց հասարակական, մտաւորական ու եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ անօրինակ վկայութիւն մըն է այս յուշագրութիւնը, որուն հեղինակը՝ բանասէր, հասարակական գործիչ, պալատական շրջանակներէ ներս իսկ յարգանք վայելող բժիշկ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, կը ներկայացնէ ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկզբի Կ. Պոլսոյ առօրեային բազմաշերտ կեանքը։ Հեղինակը, ծնեալ Սկիւտար, ընտանեկան պարագաներն ու իրենց շրջանակը, թաղի Ս. Խաչ վարժարանէն սկիզբ առած իր կրթական կեանքը, ուսուցիչները, դասընկերները, թաղին հանրային շարժումները, եկեղեցիներն ու անոնց հոգեւորականները պատմելէ վերջ, պատկերաւոր լեզուով մը կը փոխանցէ բժշկական կրթութիւն ստանալու նպատակով Սկիւտարէն դուրս, Պոլսոյ այլ թաղեր կատարած ուղեւորութիւնները ու այլ պատահարներ։ Թորգոմեանի արկածները սահմանափակուած չեն միայն Պոլսոյ միջավայրով. հեղինակը, որ բժշկական կրթութիւնը շարունակած է Փարիզի մէջ, կը նկարագրէ նաեւ Իզմիրի ու Մարսիլիոյ վրայէն Փարիզ կատարած երթուդարձերը, Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հայկական կեանքը, տեղւոյն գաղութը եւ իր կապերը զանազաններու հետ։ «Անցուկը մոռցուկ»ը, որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորով, կ՚ամփոփէ նաեւ հեղինակին ուշագրաւ վկայագրութիւնը՝ հրադադարի տարիներուն Պոլսոյ մէջ շփումներ ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մասին։ Հատորի աւարտին տեղադրուած է Վահրամ Թորգոմեանի մատենագիտութիւնը, զոր պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ «Անցուկը մոռցուկ» հրատարակուած է Սկիւտարի Ս. Խաչ-Դպրեվանք վարժարանի խնամակալութեան մեկենասութեամբ։

Ետեւի կողքը՝

… կը կնքեմ «Անցուկը մոռցուկ»իս էջերը որոնք իմ որոշած եւ մտադրած ծրագրիս սահմանը անցան ու չանցան։ Այս գրութեանս մէջ, թէեւ իմ նախաբժշկական կեանքս միայն նշանակել էր նպատակս, բայց ստիպուեցայ գիծէս դուրս ելլել, եւ կարգ մը իրողութիւններ ալ մէջբերել. իրողութիւններ, որոնք սերտ առնչութիւն ունեցած են մանկական կամ ուսանողական շրջաններուս հոլովումին հետ։ Ես ուզեցի աւելի մատնանշել մեր մանկութեան օրերու քանի մը պատահարները, զորս կրկնել աւելորդ կը համարիմ, եւ որոնք իմ եւ եղբօրս ապագային անմեկնելի, անբացատրելի եւ անզգալիօրէն նախազդարար կամ նախագուշակ եղած են, եւ այսօր եւեթ կ՚ունենան՝ ըստ իս՝ իրենց բարեբեր նշանակութիւնը։

Անմոռաց են ատոնք իբրեւ յիշատակ մեր դպրոցական օրերուն եւ մեր ուսանողութեան ժամանակին։

Կիսադարեան եւ աւելի բժշկական ասպարէզիս պատմութիւնն ընել չեմ համարձակիր, այդ մասին թող վկայեն հրապարակային աշխատութիւններս, որոնց հոգեւին նուիրուած ըլլալովս երջանիկ կը համարէի զիս, որ կարող եղած էի հասցնել երկու կիրթ, անգին զաւակներ, սակայն անգութ ճակատագիրս յա՜նկարծ պատեց մեզ անմխիթար սուգերով. մահը ինձմէ առաջ յափշտակեց երկու զաւակներս իրենց առոյգ տարիքներուն մէջ։ Ասով հանդերձ, ինձ սկզբունք ըրի կրել վիշտը արիութեամբ, տոկալ ցաւի համբերութեամբ, ո՛ր աստիճանի ալ սաստիկ կ՚ըլլայ ան։

Հեղինակին մասին՝

Վահրամ Թորգոմեան

Վահրամ Թորգոմեան ծնած է 1858-ին, Սկիւտար։ Սկզբնական կրթութիւնը թաղի Ս. Խաչ վարժարանէն ստանալէ ետք, ուսումը շարունակած է Կալաթասարայի վարժարանի եւ ապա Կայսերական բժշկական հաստատութեան մէջ։ Մասնագիտանալով Փարիզի մէջ, վերադարձած է Պոլիս։ Վարիչ պաշտօններ ստանձնած է կրթական կեանքէ ներս, եղած է Հայ Բժշկական միութեան հիմնադիրներէն։ Որպէս բժիշկ հեղինակութիւն կը վայելէր պալատական շրջանակներէն ներս, ըլլալով նաեւ Ապտիւլմէճիտ իշխանի անձնական բժիշկը։ Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ՝ հայկական բժշկութեան պատմութեան մասին։ Իր կարեւորագոյն հրատարակութիւնն է Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի «Ստամպօլոյ պատմութիւն»ը, երեք հատորով, հարուստ ծանօթագրութիւններով։ 1915-ին աքսորուած է միւս հայ մտաւորականներուն հետ, սակայն եղած միջամտութիւններու արդիւնքին վերադարձած է Պոլիս։ Մատկանացուն կնքած է 1942-ին, Փարիզ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.