Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը

Վարդուհի Քալանթար

117,00 

Etiket Fiyatı: 195,00 

%40
Սեռ՝Յուշագրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Մայիս 2022

Էջն ու չափերը՝

104 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786257460095

Բացատրութիւն՝

Վարդուհի Քալանթար «Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը» յուշագրութեամբ կը ներկայացնէ վկայութիւն մը, որ ունի օսմանեան տարածքին կնոջ մը կողմէ գրուած բանտային առաջին վկայութիւնն ըլլալու առանձնայատկութիւնը։ Համալսարանական ուսման համար ան կը գտնուէր Լոզան, ուրկէ ընտանիքին ղրկած նամակները պատրուակելով ոստիկանութիւնը զինքը 1915-ին կը ձերբակալէ։ Քալանթար մօրն ու հօրը հետ կը դատուի Պատերազմական ատեանին առջեւ եւ դեռ 20 տարեկանին կը բանտարկուի՝ Ստանպուլի Կեդրոնական բանտին (Մէհթէրհանէ) մէջ։ Վարդուհի Քալանթար այս գրուածքով ցոյց կու տայ, որ ամենադժուարին պայմաններու տակ իսկ կարելի է դիմադրել։ «Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը» յուշագրութիւնը հրատարակուած է 1921-1922 թուականներուն, ֆեմինիսթ յայտնի լրագրող ու գրող Հայկանոյշ Մառքի «Հայ կին» պարբերականին մէջ։ Հեղինակը սուր դիտարկումով կը սեւեռէ մերթ բանտապահները, մերթ քիւրտ, աճէմ, գաղթական կամ արաբ բանտարկեալները՝ մարդաբանական գրուածքի մը նման իր բոլոր գոյներով ներկայացնելով օսմանեան բանտի մը տարբեր կողմերը։

Ետեւի կողքը՝

Քիչ մը վերջը գլուխս վերցուցի եւ մայրիկիս նայեցայ: Չափազանց տժգոյն էր. բայց բարձր բռներ էր իր փոքրիկ հպարտ գլուխը ու աչքերը խիզախօրէն դիմաց կը նայէին… իր բացառիկ կորովը կեանքի այդ կարգի պարագաներուն համար էր ստեղծուած կարծես:

Իր ակնարկին հետեւեցայ:

Ինծի համար դժուար պիտի ըլլայ նկարագրել տառապանքի այն խոր զգացումը որ ունեցայ այն ատեն եւ որ կրնայ բաղդատուիլ միայն շատ թանկագին էակի մը կորուստին ցաւով: Ճիշդ է, ես սովրած չէի աշխարհը տեսնել Աստուածամօր մը վերարկուին տակ եւ լրջօրէն ու ակնածանքով խաչակնքել անոր առջեւ: Ոչ ալ շատ մը աղջիկներու պէս վարդագոյն ու կեղծ քօղի մը տակէն միայն ընդնշմարեր էի զայն: Բայց ինծի համար կեանքը գեղեցկութիւն էր. գեղեցկութիւն իր զրկանքներուն եւ հաճոյքներուն, իր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն գերագոյն ներդաշնակութեանը մէջ. ու ես կը սիրէի զայն:

Հեղինակին մասին՝

Վարդուհի Քալանթար

Վարդուհի Քալանթար 1895-ին ծնած է Պուրսա, ուր հայրն ու մայրը հիմնած էին Քալանթարեան վարժարանը։ 1908-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Պոլիս։ 1911-ին համալսարանական կրթութիւն ստանալու նպատակով կը մեկնի Լոզան։ Աւարտելէ ետք Լայփցիկի մէջ կը շարունակէ յետհամալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը, սակայն չի կրնար շարունակել զայն, որովհետեւ ամռան արձակուրդին կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը եւ ան չի կրնար լքել Պոլիսը։ Այդ շրջանին մատնութեան մը հետեւանքով խուզարկումի կ՚ենթարկուի տունը եւ կը ձերբակալուի հօրն ու մօրը հետ։ Քալանթար ազատ կ՚արձակուի 1918-ին։ Պատերազմի աւարտին կը մասնակցի հանրային օժանդակութեան աշխատանքներուն, կ՚աշխատակցի «Հայ կին» հանդէսին։ 1922-ին կը գաղթէ ԱՄՆ, ուրկէ անգամ մըն ալ չդառնար իր ծննդավայրը։ Հոն կ՚ամուսնանայ Զաւէն Նալբանդեանի հետ եւ այր ու կին Զարեւանդ գրական անուամբ քաղաքական ու պատմագիտական բազմաթիւ աշխատանքներ կը ստորագրեն։ Քալանթար 1978-ին կը մահանայ Ուաշինկթընի մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.