145,00 ₺
Etiket Fiyatı: 290,00 ₺
Տարօրինակ բաներ կը պատահին սառնարանին մէջ։ Բանջարեղէնները, ա՛լ ձանձրացած զիրենք ուտել չուզող մանուկներէն, ապստամբութեան դրօշ պարզեցին։ Մեղրադդումը կը պոռայ, բրքուկը կը փնթփնթայ, չքնտուրը կը բողոքէ մանուկներու՝ դդմաճի հանդէպ ունեցած սիրոյն դէմ, դարապղպեղը կծու խօսքեր կ՚ըսէ, ծաղկակաղամբը լարուած այս խառնակութենէն՝ փուք կ՚արձակէ, ոլոռներու աղաղակը կը լռեցնէ բոլոր ձայները եւ ճիշդ այդ պահուն սմբուկը բարկութենէ կը պայթի։ Կը շարունակենք դարձնել էջերը եւ ապստամբութեան մասնակից իւրաքանչիւր բանջարեղէն կը համոզէ մեզ, թէ արդար է իրենց ըմբոստացումը։ Գիրքի աւարտին բանջարեղէններու հանդէպ ունեցած ձեր հայեացքը պիտի փոխուի եւ շատ աւելի բարեհամբոյր պիտի ըլլաք անոնց նկատմամբ։
Բանջարեղէնները կ՚աղաղակեն. «Ա՛լ կը բաւէ»։ Անոնք որոշեցին ետ ստանալ իրենց պատիւը, որովհետեւ ա՛լ ձանձրացած էին ճաշը չաւարտող, լալկան ու կախերես մանուկներէն։
Բայց ինչպէ՞ս։
Սառնարանին մէջ ծայր առած, անօրինակ ապստամբութեամբ մը՝ զայրացկոտ, զուարճալի ու կենսանիւթով լի։ Իրենց նպատակին հասնին կամ ոչ՝ ստոյգ է որ ա՛լ բանջարեղէնները նոյն աչքով պիտի չդիտէք…
Ծնած է 1977−ին, Սպանիոյ Պատալօնա քաղաքը։ Աւարտած է Պարսելոնայի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինը։ Որպէս սրբագրիչ ու խմբագիր պաշտօնավարած է տարբեր հրատարակչատուներու մէջ։ Հրատարակած է տասնինը գիրք, ներառեալ Sylvia & Ted խորագրով քերթողագիրքը։ Այս գիրքերուն մեծ մասը պատկերագիրք է։