Սրտաբան տքթ. Կարօ Կարապետեան իր գործերով գրաւած է գրական շրջանակներու ուշադրութիւնը: Անել գրչանունով հրատարակած է բանաստեղծական հինգ հատոր, որոնցմէ վերջինն է «Ի լրումն ժամանակի»ն: Անել ունի տակաւին անտիպ քերթուածներու հոյլ մը, նաեւ երկու հոգեբանական վէպ ու պատմուածքներու շարք մը: 1998-ին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ։ Տարբեր առիթներով արժանացած է զանազան հաստատութիւններու շքանշաններուն:
Բուն անունով Կարօ Կարապետեան։ 1922-ին ծնած է Երուսաղէմ։ 1951-ին Պէյրութի մէջ աւարտած է ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1951-1955 թթ. որպէս ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ պաշտօնավարած է Երուսաղէմի մէջ, ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գործող հիւանդանոցէ մը ներս։ 1955-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աւարտած է Հարվըրթի համալսարանթ, որպէս սրտաբան։ Մինչեւ 1987-ը որպէս դասախօս պաշտօնավարեց յիշեալ համալսարանին մէջ եւ հանգստեան կոչուեցաւ։ Բժշկական ասպարէզի առընթեր, հետաքրքրուեցաւ նաեւ գրականութեամբ։ Անել ծածկանունով հրատարակեց բանաստեղծական հինգ հատոր։ 2002-ին «Արաս» իր գործերէն հրատարակեց ընտրանի մը՝ «Ի լրումն ժամանակի» խորագրով։ 1998-ին անդամ ընտրուեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան, պատուուեցաւ զանազան շքանշաններով։ 2001-ին իր մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ։ Թաղուած է Երուսաղէմ։