Կավռօշ-նամէ Թատերա-խմբագրական յիշողութիւններ

Երուանդ Թօլայեան

375,00 

Etiket Fiyatı: 500,00 

%25
Սեռ՝Յուշագրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններ, Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Փետրուար 2019

Էջն ու չափերը՝

600 էջ, 15x21 սմ

ISBN

9786052100370

Բացատրութիւն՝

ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկիզբի թատերական հարուստ կեանքը, իր բազմաթիւ դերասաններով, թատերախումբերով, թատերական սրահներով, ո՛չ միայն հայ, այլեւ թուրք, յոյն, հրեայ եւ օսմանեան խճապատկերին խայտաբղէտ գոյներով, կը ներկայանայ այս գիրքին մէջ՝ հռչակաւոր Կավռօշի, այսինքն Երուանդ Թօլայեանի առաջին անգամ հրատարակուող կոթողային յուշագրութեամբ՝ «Կավռօշ-նամէ»ով, ուր ընթերցողը պիտի տեղեկանայ հետեւեալ եւ այլ բազմաթիւ հետաքրքրաշարժ դրուագներու մանրամասներուն.

Ո՞վ էր այն հայ խմբագիրը, որ Օսմանեան պանքայի դէպքին օրը, երբ պատրիարքարանի զառիվարէն դէպի իր տունը կ՚երթար, կը ձերբակալուի ոստիկաններուն կողմէ։ Վերջիններս կասկածած էին անոր տաբատին արտասովոր ուռեցքէն։ Ոստիկանատան մէջ յայտնի կ՚ըլլայ, որ տաբատին ուռեցքին պատճառը ո՛չ թէ ռումբերն են, այլ խմբագիրին ճաթած աճուկը պարզապէս…

Ո՞վ էր այն դերասանը, Մնակեանի անբաժանելի ընկերը, որ գրպանը ունէր փոքր տետր մը, ուր խնամքով կը նշանակէր, թէ քանի՛ քայլ էր Բերայի իր տունէն մինչեւ Ղալաթիա, Գատըգիւղի նաւամատոյցէն մինչեւ թատրոն, քանի՞ քայլ Թաքսիմէն մինչեւ Էյիւպ…

Ո՞վ էր այն թատերագիր-յուշարար-բեմադրողը, որ ճարպկութեամբ գտաւ պալատին կողմէ Վարդովեանին տրուած թատերական մենաշնորհի օրէնքին «բաց դուռը» եւ հիմնադրեց Թիւլա՚աթի թատրոնը…

Ո՞վ էր այն լուրջ ու ծանրախոհ խմբագիրը, որ Քոնքորտիայի թատրոնին մէջ, իր հաստ մարմինովը, լայն թիկնաթոռէն գետին գլտորեցաւ խնդալէն՝ երբ կը դիտէր Իպիշի ու Փեշիքեարի տեսարանը…

Ո՞վ էր այն թուրք դերասանը, որ «Վարդան Մամիկոնեան» փիէսին մէջ հայերէնով կը խաղար Յազկերտին դերը…

Ո՞վ էր այն հռչակաւոր դերասանը, որ կը հպարտանար Փերուզ հանըմին ծրարները կրած ըլլալով, երբ ան բաղնիք երթար, կամ մեծ դերասաններուն մօտիկ գտնուելու համար կ՚օգնէր բեմի վարագոյրի քաշուելուն…

Պոլսոյ յոյներէն շատեր ինչո՞ւ կը գարշէին բերաննին դնելու Կաղանդի առթիւ հայերուն պատրաստած նշանաւոր անուշապուրը։

Ո՞վ էր Տարիւլ Պետայիի վաստակաշատ հայ դերասանուհին, որ Աթաթիւրքն ու անկախութեան բանակը դիմաւորելու համար առաջինը վազեց գնաց Անգարա։

Եւ դեռ ո՞վ էր այն պուլկար աղջիկը, որ Պոլսոյ հայ հասարակութեան առջեւ «Ո՜հ ինչ անուշ», «Բամբ Որոտան» ու «Հայաստան» կ՚երգէր իր նշանաւոր ձայնով…

Ո՞ր նախարարին նիւթական աջակցութեամբ հրատարակուեցաւ «Բանբեր»ը, որուն ուղղութիւնը պիտի ըլլար պայքարիլ Դաշնակցութեան դէմ։

Ո՞վ էր այն թիֆլիսցի կինը, որ Պոլիս մեռած ու թաղուած իր ամուսնինը վերջին անգամ մը տեսնելու համար բանալ տուաւ Շիշլի գտնուող շիրիմը՝ պարզելով շեքսփիրեան ողբերութիւն մը։

Ո՞վ էր սկիւտարցի նախկին գրավաճառ այն հայ երիտասարդը, որ Փարիզի մէջ Ֆաքիր Թահրա պէյ անունով կը հմայէր միամիտ եւրոպացիները՝ իբր մէկը, որ կրնայ ուզած ատեն բազկերակը կեցնել, մարմնին սուրեր, դաշոյններ եւ ասեղներ խոթել, օրերով հողին տակ թաղուիլ եւլն.։

Կարդացէք ու շշմեցէք…

«Կավռօշ-նամէ» կը խոստանայ հաճելի ու միաժամանակ օգտակար ընթերցանութեան իսկական վայելք մը…

Ետեւի կողքը՝

Թուրք մտաւորականները, մանաւանդ դերասանները, չպէտք է մոռ-նան սակայն, թէ թուրք թատրոնին ռահվիրաները, խոշոր խումբը այն թրքահայ արթիսթներու, որոնք ապրեցան անցեալ դարու կէսէն սկսեալ մինչեւ ներկայ դարու առաջին քառորդը, թուրք դերասանական ասպարէզին ամենէն ապերախտ շրջանը անցուցին եւ իրենց ամբողջ հոգին, եռանդը, երիտասարդութիւնը դրին ի սպաս թուրք թատրոնի ծառայութեան։

Որքա՛ն ալ համեստ ու աննշան ըլլայ անոնց մատուցած դերը, կը կարծեմ, թէ անդրանկութեան մրցանակին իրաւունքը ունին գէթ։

Այսօր ա՛լ շատ հեշտ բան է դերասան դառնալ, բեմ ելլել եւ դերասանու-թեամբ ապագան ապահովուած տեսնել։

Բայց նոյնը չէ՜ր 70-80 տարի առաջ։ Հերոսութիւն էր այն ատենները բեմ ելլելը։ Եւ եթէ չլինէր այն շովինիզմը ու կղերական մոլեռանդութիւնը, որ երկու եղբայր ժողովուրդներու միջեւ թշնամութիւն կը սերմանէր, եւ եթէ Թուրքիոյ հայերը լիովին տիրացած ըլլային թուրքերէնին, որ պետական լեզուն է, հաւատացած եմ, թէ թրքահայ դերասանք եւ դերասանուհիք պիտի շարունակէին աշխատիլ թուրք բեմին վրայ, իրենց հարազատ հայրենակիցներուն հետ, որոնց հետ կապուած են սերտօրէն, հազար ու մէկ բաներով, բարքերով, ճաշակով, մտայնու-թեամբ, նախասիրութիւններով եւ հայրենակցի այն անդիմադրելի քա-շողականութեամբ, որք օտար երկինքներու տակ անգամ, միեւնոյն երկրին զաւակները իրարու կը մօտեցնէ, նոյնիսկ ակամայ իրենց, որովհետեւ իրար աւելի շուտով կը հասկնան։

Հեղինակին մասին՝

Երուանդ Թօլայեան

Երգիծաբան, խմբագիր եւ դերասան Երուանդ Թօլայեան (Կավռօշ) ծնած է 1883-ին, Պոլիս, Ֆերիտիէ թաղը, Էյրի փողոց, որպէս զաւակը անուանի խմբագիր, թարգմանիչ, դերասան, հրատարակիչ Յովհաննէս Թօլայեանի (1856-1936)։ Կրթութիւնը ստացած է Սագըզաղաճի Լուսաւորչեան եւ Ղալաթիոյ Սեն-Պընուա վարժարաններուն մէջ։ 20-րդ դարու սկիզբէն պոլսահայ մամուլին մէջ տպագրած է երգիծական երկեր։

 

1908-1926 թթ., որոշ ընդհատումներով Պոլսոյ, կարճ միջոց մը Գահիրէի եւ 1927-1936 թթ. Փարիզի մէջ հրատարակած է «Կավռօշ» երգիծական պարբերականը։ Խմբագրած է նաեւ այլ պարբերաթերթեր, թղթակցած՝ Պոլիս տպագրուող կարգ մը հրատարակութիւններու։

 

Գրական-խմբագրական աշխատանքի զուգահեռ Թօլայեան մասնակցութիւն բերած է նաեւ թատերական շարժումին։ Պոլսոյ մէջ մաս կազմած է Մարտիրոս Մնակեանի թատերախումբին։ Բեմ ելած է նաեւ Փարիզի մէջ, ուր գացած էր 1926-ին, Պոլիսէն հեռանալէ ետք։ Մասնակցած է ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ թրքերէն ներկայացումներու («Արուեստը լեզու չունի», կ՚ըսէր)։ 1915-ին տարագրուած է արեւմտահայ միւս մտաւորականներուն հետ։ Նկարահանուած է թրքական շարժարուեստի հիմնադիր Մուհսին Էրթուղրուլի «Լէպլէպիճի Հօր-հօր» (1923) եւ «Չարաճըճի աղջիկները» («Սէօզտէ քըզլար») (1924) ժապաւէններուն մէջ:

 

1936 թ. ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, ուր ալ գրած է իր մեծարժէք յուշագրութիւնը։ 1937 թ. կամ աւելի ուշ կնքած է իր մահկանացուն՝ իբրեւ զոհ սթալինեան անհատի պաշտամունքի հետեւանքով ի գործ դրուած բռնութիւններու։

 

Հրատարակուած գիրքերն են՝ «Իտէալին ետեւէն (Երգիծավէպ Բերայի բարքերէն)» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշ՝ զինուոր։ Զինուորական յիշատակներ։ Խըշլայի կեանքէն» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշին զատիկը» (Պոլիս, 1919) եւլն.։

Մամուլի արձագանգ՝

«Կավռօշ-նամէ». արժէքաւոր յուշագրութիւն

  Ժամանակ   Անուշ Թրուանց   02.05.2019

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.