200,00 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
Կարմլիկ անունով ձկնիկ մը իր ճամբուն վրայ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի։ Ինքզինք գտնելու ճամբան դիւրին չէ։ Սակայն այստեղ քարերը կը շարժին, գետերը պատմութիւններ կը պատմեն եւ ջրվէժները օգնութեան կը հասնին։
«Կարմլիկ»ը մանկական պարզութեան եւ ժողովրդական հեքիաթներու սիրուն համադրութիւն մըն է․ մէկ կողմէ՝ իւրայատուկ լեզուով պատմուած արկածախնդրութիւններու շարք է, միւս կողմէ՝ փնտռտուքի ուղի։ Ներշնչուած Համշէնի բանահիւսութենէն, «Կարմլիկ»ը մեզ կը տանի աշխարհ մը, ուր պզտիկ ձկնիկները միշտ կը նային դէպի լերան գագաթը։
Դարձեալ ճամբայ ելաւ, լողա՜ց, լողա՜ց, ջրվէժներ անցաւ, պզտիկ ու մեծ լիճեր անցաւ, չկեցաւ: Մոռցաւ թէ արեգակն ու լուսինը քանի՞ անգամ վրայէն անցան: Լերան գլխուն մօտեցած էր: Երբ գլուխը ջուրէն հանեց, դաշտը, քարը, արտը, ծառը… ինչ որ տեսաւ ճերմակ ձիւնով ծածկուած էր: