Կարմլիկ
նոր

200,00 

Etiket Fiyatı: 250,00 

%20
Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Խմբագիր՝

Բագրատ Էսդուգեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Մելիսա Արսէնեան

Նկարազարդում

Էսմէ Մատրա

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Սեպտեմբեր 2025

Էջն ու չափերը՝

32 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786257460798

Բացատրութիւն՝

Կարմլիկ անունով ձկնիկ մը իր ճամբուն վրայ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի։ Ինքզինք գտնելու ճամբան դիւրին չէ։ Սակայն այստեղ քարերը կը շարժին, գետերը պատմութիւններ կը պատմեն եւ ջրվէժները օգնութեան կը հասնին։

«Կարմլիկ»ը մանկական պարզութեան եւ ժողովրդական հեքիաթներու սիրուն համադրութիւն մըն է․ մէկ կողմէ՝ իւրայատուկ լեզուով պատմուած արկածախնդրութիւններու շարք է, միւս կողմէ՝ փնտռտուքի ուղի։ Ներշնչուած Համշէնի բանահիւսութենէն, «Կարմլիկ»ը մեզ կը տանի աշխարհ մը, ուր պզտիկ ձկնիկները միշտ կը նային դէպի լերան գագաթը։

Ետեւի կողքը՝

Դարձեալ ճամբայ ելաւ, լողա՜ց, լողա՜ց, ջրվէժներ անցաւ, պզտիկ ու մեծ լիճեր անցաւ, չկեցաւ: Մոռցաւ թէ արեգակն ու լուսինը քանի՞ անգամ վրայէն անցան: Լերան գլխուն մօտեցած էր: Երբ գլուխը ջուրէն հանեց, դաշտը, քարը, արտը, ծառը… ինչ որ տեսաւ ճերմակ ձիւնով ծածկուած էր:

Հեղինակին մասին՝

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.