187,50 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
Պարզ օր մը ինչպէ՞ս կը վերածուի աղուոր օրուան մը։ Կեանքիդ ամենէն աղուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ այդ օրը, երբ անուշ բոյրով ծաղիկ մը կը հոտուըտաս, անձրեւին տակ կը պարես եւ կամ ամպերը զանազան բաներու կը նմանցնես։ Հապա եթէ հեծելանիւէն իյնաս, կրկնեփները փուռին մէջ մոռնաս կամ ընկերոջդ հետ գժտուիս… «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ պարզութեան մէջ իւրայատուկը փնտռելու։
Այսօր կեանքիս ամենէն աղուոր օրն է։
Այսօր բլուրներուն վրայ թռուցիկ թռցուցինք։
Թռուցիկը բարձրացա՜ւ,
ես ալ անոր հետ ուրախութենէս թռա՜յ։
Ծնած է Իսթանպուլ՝ 1987-ին։ Փիլիսոփայութիւն ուսանած է։ 6 տարի ուսուցչութիւն ընելէ ետք, հիմնած է երեխաներու հետ փիլիսոփայութեան հարթակ մը՝ Փիլիպարտէզը։ Այս ծիրէն ներս կը շարունակէ իր աշխատութիւնները։ Երազն է երեխաներու հետ կարենալ մտածել եւ երեխաներու համար գծել ու գրել։