Միթզի Պարող հրաթռչուն

Զէյնէպ Ալփասլան

180,00 

Etiket Fiyatı: 240,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սարին Ագպաշ

Բնագրի լեզուն՝

Թրքերէն

Խմբագիր՝

Էպրու Աքքաշ

Նկարազարդում

Օրհան Աթա

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունուար 2022

Էջն ու չափերը՝

56 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786057123121

Բացատրութիւն՝

Ոստրէի գիւղաքաղաքը կը բնակէր Միթզի հրաթռչունը, որու օրերը միօրինակ էին։ Միթզի, որ շատ կը սիրէր պարել ու իր այս կիրքը կը յագեցնէր երաժշտական ժապաւէններ դիտելով, օր մը մտերիմ ընկերոջ հետ գիւղաքաղաքին մէջ պտտելու ատեն կը տեսնէ թռուցիկ մը։ Արդեօք այս թռուցիկին մէջ Միթզիի կեանքը փոխելիք բանե՞ր մը գրուած էին։
«Միթզի ­­­‑ Պարող Հրաթռչունը» հեքիաթը, ուր Զէյնէպ Ալփասլան մտերմիկ լեզուով մը կը պատմէ ինքզինք ճանչնալը, ինքն իրեն հաւատալը եւ երազները հետապնդելու գեղեցկութիւնը, ուղղուած է եօթը տարեկան եւ անկէ բարձր տարիք ունեցող մանուկներուն։ Գիրքը զարդարուած է Օրհան Աթայի մէկը միւսէն գեղեցիկ նկարներով։

Ետեւի կողքը՝

Ոստրէ գիւղաքաղաքի բնակիչ հրաթռչուն Միթզիի օրերը կ՚անցնին միօրինակ։ Պարի հանդէպ ունեցած կիրքը ան կը յագեցնէ երաժշտական ժապաւէններ դիտելով։ Օր մը, երբ գիւղաքաղաքի մէջ կը շրջէր իր մտերիմ ընկերոջ հետ, կը տեսնէ թռուցիկ մը։ Արդեօք Միթզիի կեանքը գլխիվայր շրջելիք բանե՞ր մը գրուած են այս թռուցիկին վրայ։

Հեղինակին մասին՝

Զէյնէպ Ալփասլան

1983−ին ծնած է Ստանպուլ։ Աւարտած է Ստանպուլի «Էրքէք Լիսէսի» վարժարանը, ապա «Պիլկի» համալսարանի Շարժարուեստի ու հեռուստատեսութեան բաժինը։ Հեղինակ է մանկական եւ չափահասներու համար բազմաթիւ պատմուածքներու, վէպերու, բանաստեղծութիւններու եւ երգիծանկարներու։ «Թոքիօ» (2018) անուն առաջին մանկական վէպը Քոճաէլիի Բարձրագոյն ուսուցման հիմնարկի կողմէ արժանացած է Մանկական գրականութեան մրցանակի։ «Պլուտոնի բնակիչները» անուն երաժշտական խումբի համար երգի խօսքեր գրեց։ Զէյնէպ իր կատուներուն՝ Փոկոյի և Եոքոյի հետ կը բնակի Ստանպուլ։ sebzelieriste.blogspot.com հասցէէն կարելի է հետեւիլ գծավէպերու ստեղծման հանգրուանին ու տեսնել անոնց աւարտուն վիճակը։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.