Յանուն հօր եւ որդւոյ

Վահէ Պէրպէրեան

172,50 

Etiket Fiyatı: 230,00 

%25
Սեռ՝Վէպ
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Մեհմետ Սինան Նիյազիօղլու

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունուար 2017

Էջն ու չափերը՝

168 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786055753788

Բացատրութիւն՝

«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը։

Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է ու իրիկուններն ալ՝ սիրող դերասան մը, կը սիրահարուի աղջկան, եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը։ Հօր՝ Յարութիւն Մարոնեանի, եւ որդւոյն միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը երթալէն կը սաստկանայ մինչեւ որ խնդրոյ առարկայ երեք կերպարներուն կեանքերը տակնուվրայ կ’ըլլան:

Պէրպէրեանի այս զգայուն գործը, որ երբեմն դրուագ առ դրուագ կը յղուի նաեւ հօր եւ որդւոյ անցեալին, կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը՝ պարգեւելով միաժամանակ հաճելի ընթերցանութիւն մը։

Այս մէկը Վահէ Պէրպէրեանի երկրորդ վէպն է՝ «Նամակներ Զաաթարէն» գործէն ետք: Առաջին անգամ հրատարակուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1999-ին, Wet Paint-ի, իսկ թրքերէն լեզուով՝ 2008-ին Պոլսոյ մէջ հրատարակչատանս կողմէ: Գիրքը անգլերէն լեզուով ալ լոյս տեսաւ 2015-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, դարձեալ Wet Paint-ի կողմէ:

Ետեւի կողքը՝

«Չեմ գիտեր…», կրկնեց հայրս հոնգուր-հոնգուր լալով ու իր երկար մատներով, ամուր, ամբողջ ուժով սեղմեց դաստակս եւ տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով զիրար գրկեցինք ու երկու հոգիով լացի զուգերգի մը սկսանք:

 

Հայրս, գիրերու բանտարկեալը, որ ամբողջ կեանք մը կեանքէն փախուստ տուած էր, առաջին անգամ ըլլալով իր շուրջ քաշած ապահովութեան դարպասէն դուրս՝ կեանքին կողմը ցատկած էր ու ես, որ տարիներ շարունակ իր դէմ կռուած էի՝ կեանքը գրականութենէն բաժնող սահմանին վրայ իր կատարած  խիստ հսկողութեան դէմ, յանկարծ ինքզինքս իր կօշիկներուն մէջ կը գտնէի ու այս անգամ ե՛ս էի այս սահմանը անցնելուն համար զինք մահուան դատապարտողը: Հիմա,  գլուխը սաւանէն դուրս ձգած, գլխատուած Արտաւազդը՝ հայրս, փրկելու միայն մէկ ձեւ կար: Պէտք էր անպայման գլուխը մարմնին միացնէի, ո՛չ թէ Արտաւազդին նոր կեանք տալու համար, այլ մահը դիւրացնելու, չարչարանքը չշարունակելու համար։ Հայրս իր գիրքերու աշխարհէն դուրս հանած աղջիկը անոր մարմինը կենդանացնելէ, երիտասարդացնելէ ետք, առած հետը տարած էր ու միայն ինք կրնար մարմինը ետ՝ հօրս յանձնել։

Հեղինակին մասին՝

Վահէ Պէրպէրեան

Արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեան 1955ին ծնած է Պէյրութի մէջ, որպէս զաւակը ակնցի հօր ու արաբկիրցի մօր։ 1977ին հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր աւարտած է նաեւ իր համալսարանական կրթութիւնը՝ վկայուելով որպէս լրագրող։

 

Սկսեալ Պէյրութէն, ուր հօրենական տունը եղած էր մտաւորականներու, յատկապէս գրական ու թատերական աշխարհէ դէմքերու, հանդիպավայր մը, Պէրպէրեան սերտօրէն հետաքրքրուած է թատրոնով։ Հեղինակած ու բեմադրած է բազմաթիւ թատերախաղեր, որոնց կարգին կարելի է թուել «Գիշերուայ այցելուն», «Աւազախրում», «Պարոն Կարպիս», «Կեանք» եւ «Վարդագոյն փիղը», որ թարգմանուած է անգլերէնի ու բեմականացուած՝ Լոնտոնի ու Էտինպրայի, ինչպէս նաեւ Սաքրամենթոյի ու Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ վերջերս թարգմանուած է յունարէնի ու ներկայացուած Աթէնքի քաղաքապետական թատրոնին մէջ։

 

Իբրեւ դերասան ան բեմ բարձրացած է աւելի քան երկվեցեակ մը դերերով եւ իր ձայնը լսելի է մօտ 30 շարժանկարներու մէջ, որոնց կարգին Clear and Present Danger, Patriot Games, Armageddon եւլն․։ Ան նաեւ հեղինակն է «3 շաբաթ Երեւանում» ժապաւէնին, որու բեմադրիչներէն եւ դերասաններէն է նաեւ։

 

Վահէ Պէրպէրեան հեղինակած է նաեւ երկու վէպ՝ «Նամակներ Զաաթարէն» (1996) ու «Յանուն հօր եւ որդւոյ»։ Որպէս գեղանկարիչ սարքած է աւելի քան քառասուն ցուցահանդէսներ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ։

Մամուլի արձագանգ՝

Ընդմէջ անմեղութեան ու յանցանքի

  Ակօս Գիրք   Սեւան Տէյիրմենճեան   06.03.2017

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.