210,00 ₺
Etiket Fiyatı: 280,00 ₺
Գիրքը կ՚ամփոփէ վաստակաշատ ուսուցիչ, նորոգ հանգուցեալ Վահան Աճէմեանի յուշերը։ Աճէմեան 1922-ին ծնած է Պոլիս, որպէս զաւակը սեբաստացի համանուն ընտանիքի։ Իր ուսումը Ներսէսեան-Երմոնեան, Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ ստանալէ ետք, աւարտած է Ստանպուլի համալսարանի բնագիտութեան-տարրաբանութեան բաժանմունքը։ 1956-էն սկսեալ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է ստանպուլահայ վարժարաններէն ներս, անմոռանալի դառնալով յատկապէս Ս. Խաչ Դպրեվանքի տարեգրութեան մէջ, որ իրեն համար վերածուած էր օճախի մը, ինչպէս կը նշուի այս հատորին մէջ։ 1980-ին հանգստեան կոչուած եւ միջոց մը ետք ալ Ֆրանսա հաստատուած է։
Վահան Աճէմեանին յուշերը ընթերցողը կ՚առաջնորդեն հետաքրքրական հորիզոններ՝ Պուլկարիայէն աշխարհի չորս ծագերը սփռուած ընտանիքին պատմութենէն մինչեւ վշտախառն յիշատակները։
Աշակերտական եւ ուսուցչական տարիներու զուարթ ու տխուր յուշերուն առընթեր, Աճէմեանին գրիչը բազմաթիւ դիտանկիւններէ կ՚ուրագծէ հինաւուրց Պոլիսը՝ հայերով, յոյներով, թուրքերով։ Բացի յուշագրութենէ, գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ քառասունչորս լուսանկարներու՝ պատկանող աշակերտական, ուսուցչական եւ հեղինակի կեանքին այլ շրջաններուն։
Մայրիկիս Գավաքի թուզով պատրաստած անուշը ճերմակ կիտուածով մեծկակ դոյլի մը մէջ կը սպասէր ձմեռուան օրերուն։ Պահարանը բարձրադիր էր, աթոռի մը միջոցաւ կրցած էի հոն հասնիլ եւ դոյլին կափարիչը բանալէ վերջ, մատներովս թուզի մը կոթիկէն բռնելով բերանս տանիլ եւ հաճոյքով կուլ տալ։ Թէեւ երբեք այս փորձառութիւնս երկու թուզէն անդին չէր անցներ, սակայն դոյլին պարունակութիւնը օր ըստ օրէ կը պակսէր եւ օր մըն ալ վերջին թուզը երանութեամբ կուլ տալէս վերջ, երբ ձմեռնամուտին, մայրս մեզի թուզի անուշ սպասարկելու համար դոյլին կափարիչը կը բանայ, հոն կը տեսնէ միայն անուշին հեղուկ մասը… Մայրս զիս չէր յանդիմանած, միայն հասկցուցած էր ըրածիս անհեթեթութիւնը.
– Այս ձմեռ թուզի անուշէն պիտի զրկուինք…։
Պալքանեան պատերազմի եւ Առաջին աշխարհամարտի խաւար տարիներուն իրենց ընտանիքներով Սեբաստիայէն գաղթած Լեւոն Աճէմեանի եւ Կէյվէէն գաղթած Աղաւնի Նազարեանի ճամբաները կը խաչաձեւուին Ռուսճուքի մէջ։ 1918-ին կ՚ամուսնանան ու կը հաստատուին Պոլիս։ Իրենց երկրորդ զաւակը՝ Վահան Աճէմեան, 1922-ին կը ծնի Սկիւտարի Արաբզատէ թաղը։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Սելամսըզի Ներսէսեան-Երմոնեանի, միջնակարգ կրթութիւնն ալ՝ Էսաեանի ու Կեդրոնականի մէջ։ Ստանպուլի համալսարանի մէջ կը ստանայ կենսաբանութեան ու բնագիտութեան ուսում։ 1956-57 ուսումնական տարեշրջանին կը սկսի պաշտօնավարել Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ, ուր անխափան կ՚ուսուցչագործէ մինչեւ 1982-ը եւ հանգստեան կը կոչուի։ 26 տարի շարունակ կը նոյնանայ այս հաստատութեան ու իր աշակերտներուն հետ։ Դպրեվանքի կողքին, կը դասաւանդէ նաեւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան եւ Թաքսիմի Էսաեան վարժարաններէն ներս։ 1985-ին անդարձ կը մեկնի իր սիրելի Պոլիսէն, կը հաստատուի Ֆրանսա։ Վահան Աճէմեան իր մահկանացուն կնքեց 2 մայիս 2019-ին։