187,50 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
Աշխարհի վրայ մանկական-մանկապատանեկան գրականութեան ամէնէն յայտնի, տարածուն գիրքն է «Փոքրիկ իշխանը»: Պատմութիւնն է փոքրիկ տղայի մը քաջութեան, խելքի ու իր շատ բարի սրտիկին մասին։ Այս գիրքին մէջ կայ բարութիւն, պարզութիւն ու անմիջականութիւն։ Միայն փոքրերը չէ որ կը կարդան Փոքրիկ իշխանը, այլ մեծերն ալ:
Աշխարհի ամէնէն ընթերցուած գիրքերէն մէկն է «Փոքրիկ իշխանը», զոր հեղինակը՝ Անթուան տէօ Սենթ-Էքզիւփերի գրած է 1942-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ուր ալ առաջին անգամ հրատարակուած է ֆրանսերէնով ու անգլերէնով, Սեպտեմբեր 1943-ին։ «Փոքրիկ իշխանը» հէքիաթ-վիպակը թարգմանուած է աւելի քան 300 լեզուներու ու բարբառներու, որոնց կարգին եւ կոյրերու համար նախատեսուած Պրայլի այբուբենով։ Գիրքը թարգմանուած է նաեւ արեւելահայերէնի ու տպագրուած է Երեւանի մէջ, 1966-ին։
«Փոքրիկ իշխանը» ներշնչումի աղբիւր մը եղած է բազմաթիւ ստեղծագործողներու համար․ յօրինուած են օփերաներ, երգեր, գրուած են թատերախաղեր, նկարահանուած՝ ժապաւէններ։
Այսօր Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ հայերէնի թարգմանուած ու հրատարակուած եղաւ մեր սիրելի Փոքրիկ իշխանը:
Կարգապահութեան հարց է,- պիտի ըսէր Փոքրիկ իշխանը աւելի վերջ։
-Երբ առաւօտուն կ՚արթննաս, քու արդուզարդդ կը վերջացնես, անմիջապէս պէտք է խնամք տանիս մոլորակի արդուզարդին։ Կանոնաւոր ձեւով պէտք է լծուիս պաօպապները արմատախիլ ընելու գործին, անմիջապէս որ զանոնք զանազանես վարդենիներէն, որոնց շատ կը նմանին երբ դեռ նոր բուսած են։
Շատ տաղտկալի գործ է, բայց շատ դիւրին է։
Օր մըն ալ ինծի յանձնարարեց որ գեղեցիկ նկար մը գծեմ այս մասին, որպէսզի իմ մոլորակիս տղաքը լաւ մը հասկնան հարցը։
Ֆրանսացի գրող, բանաստեղծ եւ օդաչու Անթուան տէօ Սենթ-Էկզիւփերի (Antoine Marie Jean-Baptiste Roger de Saint-Exupéry) ազնուական ընտանիքի մը զաւակն էր։ Ծնած է Լիոն, 29 Յունիս 1900-ին, որպէս երրորդ զաւակը Վիքոնթ Ժան տէօ Սենթ-Էկզիւփերիի ու Մարի տէօ Ֆոնքոլոմպի։
Օդանաւերուն հետ ծանօթացաւ 12 տարեկանին։ Գաղտնի կերպով կ՚երթար իրենց տան մօտ գտնուող օդակայանը եւ կը դիտէր օդանաւերը։ Երբ 12 տարեկան էր, օդաչու մը զինքը առաւ իր քով եւ թռան միասին։ Լիսէն աւարտելէ ետք ընդունուեցաւ ծովային վարժարան։ 19 տարեկանին ընդունուեցաւ Գեղարուեստից վարժարանի ճարտարապետութեան բաժինը։ Սթրազպուրկի մէջ ստացաւ օդաչուի կրթութիւն։
1926-ը անկիւնադարձային էր իրեն համար։ Վերսկսած էր թռչիլ։ Թուլուզի եւ Տաքարի միջեւ թղթատարութեան պաշտօն կատարող օդանաւ մը կը վարէր։ Այդ շրջանին կ՚աւարտէ առաջին գիրքը՝ «Հարաւային թղթատարը» ("Courrier sud", 1929), ուր կը պատմէր թռչելու վերաբերեալ իր առաջին փորձառութիւնները։ Կը դառնայ իր ծառայած ընկերութեան Արժանթինի շրջանային պատասխանատուն։ «Գիշերային թռիչք» ("Vol de Nuit", 1931) վէպը կը պատմէ Արժանթինի իր կեանքը։ 35 տարեկանին օդանաւը աւրուեցաւ եւ ստիպուած վայրէջք կատարեց Թունուսի մէջ անապատ մը, ուր մոլորուեցաւ։ Քառօրեայ արկածախնդրութենէ մը վերջ յայտնաբերուեցաւ անապատի բնակիչ պետուինի մը կողմէ։ Սպանական քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն որպէս թղթակից պաշտօնավարեց ֆրանսական լրագրի մը համար։ Բ․ Աշխարհամարտի տարիներուն Գերմանիա նուաճեց Ֆրանսան։ Հակառակ իր առողջական խնդիրներուն՝ զինուորագրուեցաւ։ Ֆրանսան պարտուելէն ետք անցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր գրեց «Մարդկանց երկիրը» ("Terre des hommes", 1939) եւ «Ռազմական օդաչու» ("Pilote de guerre", 1942) գիրքերը։ «Փոքրիկ Իշխանը» ("Le Petit Prince", 1943), որ իր գլուխ-գործոցն է, գրուեցաւ այս շրջանին։ Իր հայրենիքին՝ Ֆրանսայի վիճակը շատ կը մտահոգէր զինք։ Զինուորագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու բանակին եւ որպէս հարիւրապետ մեկնեցաւ Հիւսիսային Ափրիկէ։ Պաշտօնն էր երկինքէն դիտել գերմանական զօրքերուն շարժումները։ 31 Յուլիս 1944-ին օդանաւը հրթիռակոծուեցաւ եւ ծովամոյն եղաւ Մարսիլիոյ բացերը։ Օդանաւուն բեկորները յայտնաբերուեցան 2000-ին, ձկնորսներուն կողմէ։