Քարէ պուպրիկ
նոր

216,00 

Etiket Fiyatı: 270,00 

%20
Սեռ՝ Թատերախաղ
Լեզուն՝ Հայերէն
Խմբագիր՝

Սար­ին Ագպ­աշ

Կողքի ձեւաւորում՝

Վահագն Քէշիշեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յուլիս 202­5

Էջն ու չափերը՝

144 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786257460750

Բացատրութիւն՝

«Քարէ Պուպրիկ»ը կարդալով կ՚այցելենք 1940-ականներու Պոլիսը եւ ականատես կ՚ըլլանք կերպարներուն առօրեայ հեւքերուն եւ ապրումներուն։ Չորս արարներէ բաղկացած Սօնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեանի այս գործը կը պատկերէ այդ օրերու պոլսահայութիւնը, ընտանեկան յարաբերութիւններու նուրբ գիծերը, երիտասարդներու իտէալները եւ անձնական փնտռտուքները։ Այս հատորը նաեւ ինքնատիպ վկայութիւն մըն է արեւմտահայ բեմագրութեան, լեզուի զարգացման պատմութեան եւ 20-րդ դարու պոլսահայ կենցաղին ու հոգեբանական շերտերուն շուրջ։ «Քարէ Պուպրիկ»ը բեմադրութենէն ճիշդ 77 տարի ետք առաջին անգամ հրատարակուելով, կրկին լոյս կը սփռէ հայալեզու թատրոնին, որուն փոշոտ թաւշեայ վարագոյրները անհամբեր կը սպասեն նոր բացումի մը։ Կանխաւ ապահովեցէ՛ք ձեր տեղերը։ Բարի վայելում։

Ետեւի կողքը՝

Ի՞ն­չ տուիք ինծ­ի այն մաք­ուր սիր­ոյս փոխ­արէ­ն, զոր տուեր էի ձե­զ­ի..­.։ Հին­գ տար­ուան երջ­անկ­ու­թի­ւն եւ տաս­ը տարո­ւան կեա­նք մը քէն­ո՛վ­, վրէ­ժո՛­վ, կար­օտո­՛վ ու խիղ­ճի խայ­թե­ր­ո՛վ լեց­ուն կեա­նք մը, որ երկ­րի վրա­յ դժո­խք մըն էր։ (Փո­ւռն շար­ժումնե­րով աթո­ռին վրա­յէն պուպրի­կը առ­նելո­վ) ահա­՛, իմ կեա­նքս­… տաս­ը տար­ի ամ­բողջ­, կուրծք­իս վրա­յ քար­է պուպրի­կ մը սեղ­մեց­ի..­ (Պո­ւպր­իկը կուրծք­ին սեղ­մած է, յան­կար­ծ աթո­ռին վրա­յ կը ձգէ ու դար­ձեա­լ հին տեղ­ը կ՚ա­նցն­ի, կար­ծես ինք­ն ալ սար­սափ­ելո­վ այդ քա­րէ պուպրի­կէն­: Քիչ մը ուշ), հիմ­ա ի՞ն­չ ուզել­ու կու գաք ինձ­մէ եւ ինչ­ո՞ւ կու գաք­­։ Ես ձեզ այն­քան ատե­ցի, որ իմ մէջ­ս ատե­լու ուժն ալ մեռ­աւ.­..։

Հեղինակին մասին՝

Սօն­ա Տէր Մար­գար­եան Թնկ­ըրե­ան

Ծնած է Պոլսոյ Սամաթիոյ թաղին մէջ՝ որպէս զաւակը բազմավաստակ ուսուցիչ Արփիար Տէր Մարգարեանի։ Նախնական կրթութիւնը տեղւոյն Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ ստանալէ վերջ անցած է Էսաեան, ապա Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է 1936-ին, մաս կազմելով առաջին երկսեռ հունձքին:
Ուսուցչական ու տեսչական պաշտօններ վարած է Պոլսոյ ազգային վարժարաններուն մէջ, հետեւելով միաժամանակ Պոլսոյ պետական երաժշտանոցի ձայնամարզութեան ճիւղին:
1940-ական տարիներուն սկսած է ուշադրութիւն գրաւել իր պատմուածքներով: 1948-ին մաս կազմած է «Արփի» թատերախումբին եւ բեմ բարձրացած է իր հեղինակած «Քարէ պուպրիկ» թատերգութեան գլխաւոր դերասանուհին ըլլալով։
1950-ին հրատարակած է իր առաջին հատորը՝ «Կեանքի մէջէն», իսկ 1968-ին լոյս տեսած է երկրորդը՝ «Կեանքի հետ», ուր ամփոփուած են վեց վիպակներ եւ «Մարուքեանները» վէպը: Յառաջիկայ տարիներուն մամուլի էջերուն մէջ լոյս տեսած են նոր պատմուածքներ: 1982-ին ժողովածու մը հրատարակուած է Երեւանի մէջ, «Սահանք» խորագիրով:
Վերջին տարիներուն հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր մասնակցութիւն բերած է տեղւոյն Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան եւ մինչեւ մահը խմբագրած՝ միութեան «Վէմ» պարբերաթերթը: Մահացած է Նիւ Եորք։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.