Պզտիկ դպրոցական պայուսակ մեծ արկած

Ժերալտին Քոլէ

157,50 

Etiket Fiyatı: 210,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Բնագրի լեզուն՝

Ֆրանսերէն

Խմբագիր՝

Էզկի Պերք, Լորա Սարը

Նկարազարդում

Քերասքօյէ

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Սեպտեմբեր 2019

Էջն ու չափերը՝

48 էջ, 20,5×25 սմ

ISBN

9786058036338

Բացատրութիւն՝

Գիրքի էջերուն ընդմէջէն ականատես կը դառնանք մանուկի մը դպրոցական օրուան, որ կը սկսի երբ արեւի ճառագայթները առտուն կը մտնեն մանուկին սենեակը եւ կ՚աւարտի բարի-գիշերուան համբոյրով։ Հսկայ դպրոցին առջեւ պզտիկ գծագրումով մը կ՚երեւի մանուկը, որ օրուան ընթացքին կը նկարէ, կը խաղայ, կը ճաշէ, կը քնանայ, պարտէզին մէջ կը շրջի ու կը հասնի իր մօր։ Ապա մեզ կը դիմաւորեն տնական առօրեան։ Հասրակ այդ օրը, որու մասին այդքան ալ չենք մտածեր, զոր այդքան ալ չենք կարեւորեր, արդեօք իրապէս հասարա՞կ է մանուկի մը համար, թէ խրախճանքի կամ մտահոգութեան տարբեր առիթ մը։ «Պզտիկ դպրոցական պայուսակ մեծ արկած» ամէն մէկ էջին վրայ կարճլիկ պահերէն կը ստեղծէ հսկայ զգացումներ, որոնք պարզ, բանաստեղծական եւ նոյնքան տպաւորիչ նկարներով կ՚արտացոլան ընթերցողին վրայ։

 

Տարիքային խումբ` 2+

Ետեւի կողքը՝

Մանուկի մը աչքով դիտեցէք դպրոցական առօրեան, որ շատ սովորական է թերեւս բոլորիս համար. սահնակները պիտի վերածուին խխունջի, բաղնիքը՝ ծովու յատակի, ձեռքերը՝ շրջանակի, տառերը՝ բառերու։

Հեղինակին մասին՝

Ժերալտին Քոլէ

1975-ին ծնած է Փարիզ։ 14 տարի որպէս պատմութեան ուսուցիչ պաշտօնավարելէ ետք, հեռացած է իր աշխատանքէն եւ ամբողջութեամբ նուիրուած՝ գրելու։ Հեղինակ է նկարազարդ գիրքերու ու գծավէպերու։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.