Ան որդին է չորս զաւակներու տէր ծնողքի մը, որ կու գար Պարտիզակէն։ 1923-ին ծնած էր Ռումելիհիսար, Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Թադէոսեան, ապա Թաքսիմի Էսաեան վարժարաններէն։ 1937-ին եղած է շրջանաւարտ եւ ապա որեւէ դպրոց յաճախած չէ։ Աշխատած է որպէս նպարավաճառի աշկերտ, ինքնաշարժներու նորոգիչ, ատաղձագործ, նիքելագործ եւլն.։ Մօրեղբօրը գրադարանը Կոպէլեանին համար եղած է ինքնազարգացումի վայր մը։ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն կատարեց իր բանակային ծառայութիւնը, չորս տարուան ժամկէտով։ Ծառայութեան միջոցին ծանօթացաւ պոլսահայ արդի քերթողութեան նորարար անուններէն Հայկազուն Գալուստեանին։ Նախապէս Սամաթիոյ մէջ, մեծաւ մասամբ հայերէ կազմուած «Հիլալ» ֆանֆառի մէջ ճանչցած ու բարեկամացած էր նորարար այլ անունի մը՝ Կարպիս Ճանճիկեանին։ 1940-ականներուն, նորարար հոսանք մը գրական բոլոր շրջանակները իր ազդեցութեան տակ սկսած էր առնել Պոլսոյ մէջ, իսկ Թաքսիմի «Էփթալաֆոս» սրճարանը եղած էր անոնց ժամադրավայրը։
Կոպէլեանի բանաստեղծութեանց առաջին ժողովածոն կը հրատարակուի 1948-ին, «Երանի՜ թէ» խորագրով, որմէ անմիջապէս ետք կը հարցաքննուի ոստիկանութեան կողմէ եւ այս պատճառով կը ստիպուի հեռանալ Խաչիկ Ամիրեանի «Ճառագայթ»էն։ Նոյն տարին Յակոբ Սվազլեանի հետ, Օննիկ Աքթարեանի տպարանէն (Չաքմաքճեան զառիվերին գտնուող Սիւմպիւլլիւ խանին մէջ էր) կը սկսին հրատարակել «Լոյս» շաբաթաթերթը, որ նիւթական անձուկ պայմաններու պատճառով հազիւ մէկուկէս տարուան կեանք մը կ՚ունենայ։ Այդ օրերուն բանակէն նոր վերադարձած Ռուբէն Մաշոյեանի հետ, Պապ–ը Ալի, Ռեշիտ էֆէենտի խանը գտնուող Յակոբ Աբրահամեան տպարանէն կը հրատարակեն «Դէպի լոյս» շաբաթաթերթը (1950), որուն գլխաւոր խմբագիրը կը դառնայ ինք։ Այս պարբերականը եւս մէկուկէս տարի ետք կը դադրի, նիւթական նեղութեան հետեւանքով։ Կոպէլեան 1953-ին կը մեկնի Պէյրութ, ընդառաջելով հրաւէին նոր հիմնուած «Այգ» օրաթերթի, որու խմբագիրի պաշտօնը կը ստանձնէ։ Իր պատմուածքները կ՚երեւին Պէյրութի գրաան մամուլին մէջ։ 1954-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ կ՚աշխատի «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ 1957-ին դարձեալ Պէյրութ է, ուր երկար տարիներ մաս կը կազմէ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» հրատարակչութեան խմբագրական խորհուրդներուն։ 1965-ին Եւրոպա անցնելու նպատակով կու գայ Պոլիս, ուր պաշտօն կը ստանձնէ «Մարմարա»ի խմբագրակազմէն ներս։ Կը դառնայ խմբագիր Յակոբ Սվազլեանի «Պայքար» շաբաթաթերթին մէջ։ Կոպէլեան լրագրութեան կողքին 1970-ին կը հիմնէ Կոպէլ հրատարակչատունը, ինը թիւ միայն կը հրատարակէ «Փորձանք» երգիծաթերթը։ Յաջորդող տարիներուն երկու տարի կ՚աշխատի «Ժամանակ», ապա դարձեալ «Մարմարա»ի մէջ։
Իր կեանքի վերջին տասնհինգ տարիներուն Կոպէլեան աշխատեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ, ուր հրատարակուեցան իր յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները, հայերէն ու թրքերէն։
Դեկտեմբեր 2010-ին կնքեց իր մահկանացուն։ Մարմինը ամփոփուած է Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ։