Ծնած է Պոլսոյ Սամաթիոյ թաղին մէջ՝ որպէս զաւակը բազմավաստակ ուսուցիչ Արփիար Տէր Մարգարեանի։ Նախնական կրթութիւնը տեղւոյն Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ ստանալէ վերջ անցած է Էսաեան, ապա Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է 1936-ին, մաս կազմելով առաջին երկսեռ հունձքին:
Ուսուցչական ու տեսչական պաշտօններ վարած է Պոլսոյ ազգային վարժարաններուն մէջ, հետեւելով միաժամանակ Պոլսոյ պետական երաժշտանոցի ձայնամարզութեան ճիւղին:
1940-ական տարիներուն սկսած է ուշադրութիւն գրաւել իր պատմուածքներով: 1948-ին մաս կազմած է «Արփի» թատերախումբին եւ բեմ բարձրացած է իր հեղինակած «Քարէ պուպրիկ» թատերգութեան գլխաւոր դերասանուհին ըլլալով։
1950-ին հրատարակած է իր առաջին հատորը՝ «Կեանքի մէջէն», իսկ 1968-ին լոյս տեսած է երկրորդը՝ «Կեանքի հետ», ուր ամփոփուած են վեց վիպակներ եւ «Մարուքեանները» վէպը: Յառաջիկայ տարիներուն մամուլի էջերուն մէջ լոյս տեսած են նոր պատմուածքներ: 1982-ին ժողովածու մը հրատարակուած է Երեւանի մէջ, «Սահանք» խորագիրով:
Վերջին տարիներուն հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր մասնակցութիւն բերած է տեղւոյն Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան եւ մինչեւ մահը խմբագրած՝ միութեան «Վէմ» պարբերաթերթը: Մահացած է Նիւ Եորք։