Արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեան 1955ին ծնած է Պէյրութի մէջ, որպէս զաւակը ակնցի հօր ու արաբկիրցի մօր։ 1977ին հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր աւարտած է նաեւ իր համալսարանական կրթութիւնը՝ վկայուելով որպէս լրագրող։
Սկսեալ Պէյրութէն, ուր հօրենական տունը եղած էր մտաւորականներու, յատկապէս գրական ու թատերական աշխարհէ դէմքերու, հանդիպավայր մը, Պէրպէրեան սերտօրէն հետաքրքրուած է թատրոնով։ Հեղինակած ու բեմադրած է բազմաթիւ թատերախաղեր, որոնց կարգին կարելի է թուել «Գիշերուայ այցելուն», «Աւազախրում», «Պարոն Կարպիս», «Կեանք» եւ «Վարդագոյն փիղը», որ թարգմանուած է անգլերէնի ու բեմականացուած՝ Լոնտոնի ու Էտինպրայի, ինչպէս նաեւ Սաքրամենթոյի ու Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ վերջերս թարգմանուած է յունարէնի ու ներկայացուած Աթէնքի քաղաքապետական թատրոնին մէջ։
Իբրեւ դերասան ան բեմ բարձրացած է աւելի քան երկվեցեակ մը դերերով եւ իր ձայնը լսելի է մօտ 30 շարժանկարներու մէջ, որոնց կարգին Clear and Present Danger, Patriot Games, Armageddon եւլն․։ Ան նաեւ հեղինակն է «3 շաբաթ Երեւանում» ժապաւէնին, որու բեմադրիչներէն եւ դերասաններէն է նաեւ։
Վահէ Պէրպէրեան հեղինակած է նաեւ երկու վէպ՝ «Նամակներ Զաաթարէն» (1996) ու «Յանուն հօր եւ որդւոյ»։ Որպէս գեղանկարիչ սարքած է աւելի քան քառասուն ցուցահանդէսներ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ։