Աշխարհի միւս ծայրէն՝ Աւստրալիոյ երկինքէն հոս կը հասնին Ազատութեան հրաշալի մեքենաները, որ մանկական մրցանակակիր գիրքերու հեղինակ Քիրլի Սաունտըրսի ու մրցանակակիր նկարիչ Մէթ Օթլիի հոյակապ նկարները ի մի բերող յոյսով լեցուն եւ ներշնչող պատմութիւն մըն է։ Ան կը պատմէ մանուկի մը պայքարը՝ ստեղծելու իր ազատութեան մեքենան, յամառութիւնը եւ անափ երջանկութիւնը, զոր կ՚ապրի ան իր մեքենայով նոր աշխարհներ յայտաբերելու շնորհիւ։ Երեւակայեցէք փոքր…
47,25 ₺
Etiket Fiyatı: 63,00 ₺
Բարի եկաք ծոյլ-անասուն Լենթոյի գիրքը։ Լենթօ ուրախ ու խանդավառ է որ դուք կը կարդաք այս գիրքը, սակայն նախքան ձեզի իր պատմութիւնը պատմելը՝ պէտք է քնանայ քիչ մը։ Մինչ ան կը քնանայ, դարանակալած չարաճճի աղուէս մը արդէն իսկ սկսած է աշխատիլ գիրքը գրաւելու համար եւ ինքզինք հռչակած՝ գիրքին գլխաւոր կերպարը։ Ծոյլ-անասունը մտադիր չէ բնաւ գիրքին ղեկը յանձնելու աղուէսին։ Ինքզինք արտայայտել փափաքող …
47,25 ₺
Etiket Fiyatı: 63,00 ₺
Ինչպէս անունն ալ կը յուշէ, գիրքը ամբողջապէս հիմնուած է շրջուած կարդալու եւ գրելու զաւեշտին վրայ։ Գլխաւոր կերպարներն են խոզուկը, կովն ու ձուկը։ Խոզուկ մը եւ կով մը սառած լիճին վրայ չմշկելու ժամանակ, կապ կը ստեղծեն սառոյցին տակ գտնուող ձուկին հետ եւ այդ ձուկը կը դիմէ անոնց օգնութեան։ Խոզուկը կը ջանայ հաղորդակցիլ ձուկին հետ. իր մտերիմ կովը թէեւ մտահոգ է, սակայն…
56,25 ₺
Etiket Fiyatı: 75,00 ₺
Ժիլ կը կասկածի իր կարդացած մէկ գիրքի վերջին նախադասութենէն, որ կ՚ըսէր. «Եւ բոլորը յաւիտեան ապրեցան երջանիկ»։ Կը կասկածի, որովհետեւ գիրքին վիշապը այդքան ալ ուրախ չէր երեւեր։ Ուրեմն, ան մտիկ կ՚ընէ վիշապին ցաւը եւ զինք կը հրաւիրէ իր աշխարհը։ Կ՚որոշէ իր գիտցածները սորվեցնել իրեն, սակայն վիշապը այդքան ալ տաղանդաւոր չէ անոր ցոյց տուածները ընելու մէջ։ Վիշապը ա՛լ աւելի կը տխրի։ Արդեօք…
56,25 ₺
Etiket Fiyatı: 75,00 ₺
Գիրքի էջերուն ընդմէջէն ականատես կը դառնանք մանուկի մը դպրոցական օրուան, որ կը սկսի երբ արեւի ճառագայթները առտուն կը մտնեն մանուկին սենեակը եւ կ՚աւարտի բարի-գիշերուան համբոյրով։ Հսկայ դպրոցին առջեւ պզտիկ գծագրումով մը կ՚երեւի մանուկը, որ օրուան ընթացքին կը նկարէ, կը խաղայ, կը ճաշէ, կը քնանայ, պարտէզին մէջ կը շրջի ու կը հասնի իր մօր։ Ապա մեզ կը դիմաւորեն տնական առօրեան։ Հասրակ…
42,75 ₺
Etiket Fiyatı: 57,00 ₺
Ընկերական կապերը ամո՞ւր են, թէ կը խզուին առաջին իսկ փոթորիկով։ Փովիլաս մեծ հանրապերտէզի մը, բարձր մէկ ծառին վրայ կը բնակի իր ընտանիքին հետ։ Ան մանուկ մըն է, որ քաղաքի բնակիչներուն կողմէ ոչ նախընտրելի ծառուղի մը յայտնաբերած է անտառին մէջ եւ հաճոյք կը ստանայ հոն քալելէ եւ երկար-երկար շուրջը դիտելէ։ Օր մը, այս ճամբուն վրայ կը հանդիպի աղուէսի մը։ Աւելի՛ն՝ այս…
61,50 ₺
Etiket Fiyatı: 82,00 ₺
Զաւէն Պիպեռեան, թէեւ իր մահէն տասնամեակներ անց, կ՚ընկալուի որպէս հայ գրականութեախն լաւագոյն գրողներէն մին։ Մէկը միւսէն արժէքաւոր իր երեք վէպերը կարեւոր գրուածքներ են, որոնք կը պեղեն 1950-ականներու Թուրքիան, այնտեղ որպէս հայ բնակելու հոգեբանութիւնը, ներընտանեկան խոշոր ծանրութիւնները, դասակարգային խնդիրները։ Այս կապոցը առիթ մըն է ծանօթանալու մեծ հեղինակի մը կամ աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու անոր գրականութեան։
134,55 ₺
Etiket Fiyatı: 207,00 ₺
Գիրքերու անհուն ու անսահման երազային աշխարհը դեռ նոր ոտք դրած մանուկներուն յարմար նկարազարդ այս հոյակապ գիրքերը պիտի ըլլան ձեր զաւակներուն «մէկ հատիկ»ները։ Սիրելի մանուկնե՛ր, բարի եկաք գիրքերու անզուգական աշխարհը։
126,75 ₺
Etiket Fiyatı: 195,00 ₺
Պատմութիւնները ինքզինք ըլլալ նախընտրած այն հերոսներուն, որոնք սեռի հանրային կանոնները առ ոչինչ կը համարեն եւ կ՚անդրադառնան, որ երջանիկ աւարտ ունեցող հեքիաթ մը թերեւս բոլորի համար այդպէս չէ, ու զայն կը գրեն ծայրէն։ Ահա 3 տարեկան ու բարձր տարիք ունեցող մանուկներուն համար «Կաղապար փշրողներ»։
134,55 ₺
Etiket Fiyatı: 207,00 ₺
Բանջարեղէններ, որոնք բանջարեղէն ուտել չփափաքող մանուկներէ զզուած կ՚ըմբոստանան, երկու երազող ընկեր, որոնք հակառակէ կարդալու հետ հարց ունին, երկու անպիտան, որոնք գիրքը գրաւելով կ՚ուզեն գլխաւոր հերոս դառնալ… +2, +4 եւ +5 տարիքային խումբերու երեք գիրք կը մէկտեղէ «Չարաճճի բաներ»ը, որու հերոսները բաւական պիտի զուարճացնեն ձեզ։
143,00 ₺
Etiket Fiyatı: 220,00 ₺