Հայերէն

Մեծ տղաքը կու լան

Ճօնթի Հավլի

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Ռոպէր Քոփթաշ

«Մեծ տղաքը կու լան», զոր գրած ու գծագրած է անգլիացի Ճօնթի Հավլի, զգացումներ արտայայտելու, լալու եւ հանրային սեռի վրայ մտածելու մղող գիրք մըն է։ Մեր հերոսը՝ Լեւիկ, մտահոգ է վերամուտի առթիւ, սակայն հայրը զինքը կը քաջալերէ ու կ՚ըսէ. «Տղաքը չեն լար»։ Սակայն Լեւիկ դպրոցի ճամբուն վրայ կը հանդիպի բազմաթիւ տղաներու, որոնք կու լան։ Մանուկներու ընկերային ու յուզական զարգացումին կարեւոր տարրերէն…

262,50 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%25
Add to cart

Փոթորիկ Պատմութիւն՝ տաքուկ բոյն մը գտնելու մասին

ԿուօԺինկ

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն

Վերջապէս հայերէնով կը հրատարակուի աշխարհահռչակ, սիրուած արուեստագէտ ԿուաԺինկի կախարդական նկարներով լեցուն, անձայն այս գիրքը՝ «Փոթորիկ»ը, զոր հեղինակը ձօնած է իր կորսուած շան՝ Տու Տուին։ Գիրքը, որ կը պատմէ փողոցային շան մը ու իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատել փորձող կնոջ մը փոխադարձ վստահութեան ու սիրոյ վրայ ստեղծուած յարաբերութիւնը, վստահաբար պիտի ջերմացնէ ձեր հոգին։ «Փոթորիկ»ը, որ ցոյց կու տայ ամենափոթորկալից պահերուն իսկ բարեկամութեան…

300,00 

Etiket Fiyatı: 400,00 

%25
Add to cart

Ազատութեան հրաշալի մեքենաները

Քիրլի Սաունտըրս

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Ռոպէր Քոփթաշ

Աշխարհի միւս ծայրէն՝ Աւստրալիոյ երկինքէն հոս կը հասնին Ազատութեան հրաշալի մեքենաները, որ մանկական մրցանակակիր գիրքերու հեղինակ Քիրլի Սաունտըրսի ու մրցանակակիր նկարիչ Մէթ Օթլիի հոյակապ նկարները ի մի բերող յոյսով լեցուն եւ ներշնչող պատմութիւն մըն է։ Ան կը պատմէ մանուկի մը պայքարը՝ ստեղծելու իր ազատութեան մեքենան, յամառութիւնը եւ անափ երջանկութիւնը, զոր կ՚ապրի ան իր մեքենայով նոր աշխարհներ յայտաբերելու շնորհիւ։ Երեւակայեցէք փոքր…

247,50 

Etiket Fiyatı: 330,00 

%25
Add to cart

Իմ գիրքս (ո՛չ թէ քու)

Պեն Սենտըրս

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Բարի եկաք ծոյլ-անասուն Լենթոյի գիրքը։ Լենթօ ուրախ ու խանդավառ է որ դուք կը կարդաք այս գիրքը, սակայն նախքան ձեզի իր պատմութիւնը պատմելը՝ պէտք է քնանայ քիչ մը։ Մինչ ան կը քնանայ, դարանակալած չարաճճի աղուէս մը արդէն իսկ սկսած է աշխատիլ գիրքը գրաւելու համար եւ ինքզինք հռչակած՝ գիրքին գլխաւոր կերպարը։ Ծոյլ-անասունը մտադիր չէ բնաւ գիրքին ղեկը յանձնելու աղուէսին։ Ինքզինք արտայայտել փափաքող …

247,50 

Etiket Fiyatı: 330,00 

%25
Add to cart

Պարոն կւոձ

Մարիուս Մարցինքեւիչիուս

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Ինչպէս անունն ալ կը յուշէ, գիրքը ամբողջապէս հիմնուած է շրջուած կարդալու եւ գրելու զաւեշտին վրայ։ Գլխաւոր կերպարներն են խոզուկը, կովն ու ձուկը։ Խոզուկ մը եւ կով մը սառած լիճին վրայ չմշկելու ժամանակ, կապ կը ստեղծեն սառոյցին տակ գտնուող ձուկին հետ եւ այդ ձուկը կը դիմէ անոնց օգնութեան։ Խոզուկը կը ջանայ հաղորդակցիլ ձուկին հետ. իր մտերիմ կովը թէեւ մտահոգ է, սակայն…

262,50 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%25
Add to cart

Ժիլն ու վիշապը

Լեզլի Պառնզ

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Թապիթա Թոփարլաք

Ժիլ կը կասկածի իր կարդացած մէկ գիրքի վերջին նախադասութենէն, որ կ՚ըսէր. «Եւ բոլորը յաւիտեան ապրեցան երջանիկ»։ Կը կասկածի, որովհետեւ գիրքին վիշապը այդքան ալ ուրախ չէր երեւեր։ Ուրեմն, ան մտիկ կ՚ընէ վիշապին ցաւը եւ զինք կը հրաւիրէ իր աշխարհը։ Կ՚որոշէ իր գիտցածները սորվեցնել իրեն, սակայն վիշապը այդքան ալ տաղանդաւոր չէ անոր ցոյց տուածները ընելու մէջ։ Վիշապը ա՛լ աւելի կը տխրի։ Արդեօք…

Out of stock

Պզտիկ դպրոցական պայուսակ մեծ արկած

Ժերալտին Քոլէ

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Գիրքի էջերուն ընդմէջէն ականատես կը դառնանք մանուկի մը դպրոցական օրուան, որ կը սկսի երբ արեւի ճառագայթները առտուն կը մտնեն մանուկին սենեակը եւ կ՚աւարտի բարի-գիշերուան համբոյրով։ Հսկայ դպրոցին առջեւ պզտիկ գծագրումով մը կ՚երեւի մանուկը, որ օրուան ընթացքին կը նկարէ, կը խաղայ, կը ճաշէ, կը քնանայ, պարտէզին մէջ կը շրջի ու կը հասնի իր մօր։ Ապա մեզ կը դիմաւորեն տնական առօրեան։ Հասրակ…

247,50 

Etiket Fiyatı: 330,00 

%25
Add to cart

Երջանկութիւնը աղուէս մըն է

Էւելինա Տացիութէյ - Աուշրա Քիուտուլաիթէյ

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Ընկերական կապերը ամո՞ւր են, թէ կը խզուին առաջին իսկ փոթորիկով։ Փովիլաս մեծ հանրապերտէզի մը, բարձր մէկ ծառին վրայ կը բնակի իր ընտանիքին հետ։ Ան մանուկ մըն է, որ քաղաքի բնակիչներուն կողմէ ոչ նախընտրելի ծառուղի մը յայտնաբերած է անտառին մէջ եւ հաճոյք կը ստանայ հոն քալելէ եւ երկար-երկար շուրջը դիտելէ։ Օր մը, այս ճամբուն վրայ կը հանդիպի աղուէսի մը։ Աւելի՛ն՝ այս…

300,00 

Etiket Fiyatı: 400,00 

%25
Add to cart
Առաջին գրադարանի առաջին գիրքերը
%35

Առաջին գրադարանի առաջին գիրքերը Իմ գիրքս (ո՛չ թէ քու), Պզտիկ դպրոցական պայուսակ մեծ արկած, Փոթորիկ

Kategori Kitap Setleri
Dili Ermenice

Գիրքերու անհուն ու անսահման երազային աշխարհը դեռ նոր ոտք դրած մանուկներուն յարմար նկարազարդ այս հոյակապ գիրքերը պիտի ըլլան ձեր զաւակներուն «մէկ հատիկ»ները։ Սիրելի մանուկնե՛ր, բարի եկաք գիրքերու անզուգական աշխարհը։

689,00 

Etiket Fiyatı: 1.060,00 

%35
Add to cart
Չարաճճի բաներ
%35

Չարաճճի բաներ Պարոն կւոձ, Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը, Իմ գիրքս (ո՛չ թէ քու)

Kategori Kitap Setleri
Dili Ermenice

Բանջարեղէններ, որոնք բանջարեղէն ուտել չփափաքող մանուկներէ զզուած կ՚ըմբոստանան, երկու երազող ընկեր, որոնք հակառակէ կարդալու հետ հարց ունին, երկու անպիտան, որոնք գիրքը գրաւելով կ՚ուզեն գլխաւոր հերոս դառնալ… +2, +4 եւ +5 տարիքային խումբերու երեք գիրք կը մէկտեղէ «Չարաճճի բաներ»ը, որու հերոսները բաւական պիտի զուարճացնեն ձեզ։

702,00 

Etiket Fiyatı: 1.080,00 

%35
Add to cart
Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.