Հայերէն

Ու ես կ՚երթամ

Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան

Սեռ՝ Ուղեգրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Ու Ես Կ'երթամ հատորը կը բովանդակէ Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի ստորագրութեամբ 1964-1970ի միջեւ Մարմարա օրաթերթի մէջ համանուն խորագրին ներքեւ լոյս տեսած 57 գրութիւններ, որոնք մեծամասնութեամբ արդիւնքն են քահանայական պաշտօնով դէպի գաւառ՝ յատկապէս դէպի հարաւային եւ արեւելեան նահանգներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն: Այս գրութիւնները կարեւոր են  որովհետեւ կը ներկայացնեն այսօր ալ աւելի նօսրացած ու նոյնիսկ ամայացած «հայ Անատոլու»ի քառասուն տարի առաջուան հարազատ մէկ…

350,00 

Etiket Fiyatı: 500,00 

%30
Add to cart

Յաղթանակի ճամբան

Արա Ակինեան

Սեռ՝ Վէպ
Լեզուն՝ Հայերէն

Լրագրող Արա Ակինեանի «Յաղթանակի ճամբան» վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1963-ին: Վէպը կը բաղկանայ 41 գլուխէ, ուր նկարագրուած է Պէզճեան ամիրայի վերելքը, Սուլթան Մահմուտի հետ ունեցած մտերմութիւնը եւ իր գործունէութիւնը իբրեւ պետական եւ ազգային գործիչ: Այս նոր տպագրութիւնը ունի յաւելուածի բաժին մը, ուր տրուած են Պէզճեանի կեանքէն եւ Մահմուտ Բ.-ի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Ակինեանի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։

280,00 

Etiket Fiyatı: 400,00 

%30
Add to cart

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան

Յ. Ճ. Սիրունի

Սեռ՝ Մենագրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէ ընթացաւարտ Յ. Ճ. Սիրունիի այս ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Գարեգին արք. Խաչատուրեանի անձն ու վաստակը։ Հատորը նաեւ հրատարակիչ սաներուն մատուցած տուրքն է արմաշական իրենց հիմնադրին՝ Գարեգին Խաչատուրեանին, իր ձեռակերտը եղող Ս. Խաչ Դպրեվանքի 50-ամեակին առթիւ: Այս մենագրութեան մէջ ընթերցողը պիտի գտնէ նաեւ «Նարեկ»ի վերլուծումը՝ Սիրունիի գրիչով։

252,00 

Etiket Fiyatı: 360,00 

%30
Add to cart

Զարմանալի աշխարհ

Ս. Ք. Զանգու

Տարօնի իր արմատներէն առած բանաստեղծական աւիշով սնած ու ստանպուլահայ կրթական օճախներու շունչով տոգորուած, դեռ Կեդրոնականի աշակերտ՝ յայտնութիւն մը եղած էր Զանգու: Հարկադրաբար բաժնուելով երկրէն, ան մաս կազմեց Ֆրանսահայ գրողներու միութեան: Այս մէկը իր եօթներորդ գիրքն է, որ բանաստեղծութիւններու կարգին կը բովանդակէ նաեւ վերլուծական, գրախօսական, կենսագրական, քննադատական արձակ էջեր, ինչպէս նաեւ նամակներ։

280,00 

Etiket Fiyatı: 400,00 

%30
Add to cart

Հայերէն բառգիրք

Գեղամ Քերովբեան

Սեռ՝ Բառգիրք
Լեզուն՝ Հայերէն

Հայերէնի ուսուցիչ Գեղամ Քերովբեան-Իշքօլի (1924-1980) «Հայերէն բառգիրք աշխարհաբար լեզուի» աշխատութիւնը լոյս տեսած է 1962-ին: Քերովբեան-Իշքօլ բառարանը կազմած է դպրոցականներու անմիջական պահանջները գոհացնելու մտադրութեանբ եւ հայ բառերը իրենց յատուկ ու նաեւ փոխաբերական ինաստով դիւրութեամբ ծանօթացնելու նպատակով։

Հեղինակին աշակերտներէն Արտաշէս Մարկոսեանի խմբագրութեամբ՝ այս հրատարակութիւնը խմբագրական միջամտութիւններով ու բազմահարիւր նոր թրքերէն համարժէքներով «վերամշակուած» տարբերակ մըն է: Հատորը կը բաղկանայ մօտ 10.000 բառէ:

525,00 

Etiket Fiyatı: 750,00 

%30
Add to cart

Ի լրումն ժամանակի

Անել

Սրտաբան տքթ. Կարօ Կարապետեան իր գործերով գրաւած է գրական շրջանակներու ուշադրութիւնը: Անել գրչանունով հրատարակած է բանաստեղծական հինգ հատոր, որոնցմէ վերջինն է «Ի լրումն ժամանակի»ն: Անել ունի տակաւին անտիպ քերթուածներու հոյլ մը, նաեւ երկու հոգեբանական վէպ ու պատմուածքներու շարք մը: 1998-ին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ։ Տարբեր առիթներով արժանացած է զանազան հաստատութիւններու շքանշաններուն:

Out of stock

Օրագրութիւն Սարկաւագի քառասունք ձեռնադրութեան

Թորգոմ Մանուկեան

Սեռ՝ Օրագրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի սարկաւագութեան եւ աբեղայ ձեռնադրութեան առաջին օրերուն գրառած օրագրութիւնն է այս հատորը: Երկու բաժիններն ալ գրուած են քսան տարեկանի պարգեւած անկեղծութեամբ, հետաքրքրական անցուդարձերով:

Out of stock

Լուցիքա Տուտու

Յակոբ Այվազ

Սեռ՝ Երգիծական
Լեզուն՝ Հայերէն

Ժամանակը առաւ տարաւ նաեւ Պոլսոյ հայեվարը, որմով Յակոբ Այվազ կերպաւորած էր Լուցիքա Տուտուն, 1968-1996 տարիներու միջեւ, «Քուլիս»ի մէջ: Գիրքը կը ներկայացնէ Լուցիքա Տուտուներէ փունջ մը, որոնց

Out of stock

Յոյսի անտես թեւերով

Ներսէս Վանական

Հատորը կ՚ամփոփէ Ներսէս Վանականի՝ Ներսէս արք. Պոզապալեանի հոգեւոր ապրումները: Ան իր եկեղեցական ու վարչային աշխատութիւններուն առընթեր ունէր բանաստեղծական սիրտ եւ միտք. մինչ այդ իր աշխատութիւնները հաւաքուած էին չորս

Out of stock

Հէ՜գ թուղթի կտորներ

Վահրամ Պուրմաեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Գիրքը կ՚ամփոփէ Վահրամ Պուրմաեանի յուշերը եւ պատմուածքները։ Ունի մենագրական բնոյթ հեղինակին ծննդավայրին՝ Ատափազարի ու շրջակայքին մասին եւ կը փոխանցէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ դարասկիզբի ապրելակերպէն: Հեղինակը ընթերցողը կ՚առաջնորդէ նաեւ դէպի Արմաշ՝

245,00 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%30
Add to cart
Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.