Արձագանգ եւ Անցորդը

Արփիար Տէր-Մարգարեան

225,00 

Etiket Fiyatı: 300,00 

%25
Սեռ՝Պատմուածք
Լեզուն՝Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Մարտ 2006

Էջն ու չափերը՝

336 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9789757265801

Բացատրութիւն՝

Հատորին մէջ ամփոփուած են ուսուցիչ Արփիար Տէր Մարգարեանի պատմուածքները: Ան կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ «Արձագանգ», «Անցորդը» եւ հրատարակչատան կողմէ կցուած յաւելուածի բաժինը:

Հեղինակը ընթերցողին կը հրամցնէ «մեծ մասով խոնարհ մարդոց, ուսուցչական եւ ուսանողական կեանքէն առնուած իրական եւ վաւերական պատկերներ», որոնք ներսէն դիտողի մը կողմէ բացուած պատուհաններ են՝ դէպի պոլսահայ կրթական կեանքն ու իրականութիւնը:

Հեղինակին մասին՝

Արփիար Տէր-Մարգարեան

1889-ին ծնած է Բաղէշի Խուլթիկ գիւղը։ 1902-ին աւարտած է Բաղէշի Ամերիկեան վարժարանը։ 1905-09 թթ. ուսանած է Խարբերդի Ամերիկեան քոլեճը։ 1910-1912 թթ. յաճախած է Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինը։ Համալսարանի վերջին տարուան ընթացքին պահեստի սպայից վարժարանէն ներս ստացած է զինուորական կրթութիւն, ապա մասնակցած է Պալքանեան պատերազմին եւ Առաջին աշխարհամարտին՝ բարձրանալով մինեւ հարիւրապետի աստիճանի։ Միջոց մը Ոստիկանական վարժարանի եւ կեդրոնական հրամանատարութեան մէջ վարեց փոխտնօրէնի պաշտօն։ 1918-ին վերադարձաւ Պոլիս։ Մինչեւ 1921 թ. հայերէն եւ անգլերէն դասաւանդեց Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի եւ Օրթագիւղի որբանոցներուն մէջ։ Որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն պաշտօնավարեց Պոլսոյ զանազան վարժարաններէն ներս։ Հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներուն ուղղեալ դասագիրքերու շարք մը պատրաստեց։ Անուանի լրագրող եւ գրող Արամ Անտոնեանի «Գանձարան» դասագիրքը ճոխացնելով վերստին հրատարակեց։ 1932-49 թթ. ստանձնեց Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի տարեգիրքերուն խմբագրութիւնը։ Հայերէնի թարգմանած է Կիւզիտէ Սապրիի «Նետրէթ» վէպը։ «Արաս» 2006-ին հրատարակած է հեղինակին «Արձագանգ եւ անցորդը» հատորը, որ ի մի կը բերէ իր պատմուածքներու երկու գիրքերը։ 1970-ին մեռաւ Պոլսոյ մէջ։ Թաղուած է Շիշլիի ազգ. գերեզմանատան մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.