Տղու Հոգի

Արամ Հայկազ

217,00 

Etiket Fiyatı: 310,00 

%30
Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն
Խմբագիր՝

Յարութիւն Քիւրքճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Վահագն Քէշիշեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Օգոստոս 202­5

Էջն ու չափերը՝

128 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786257460774

Բացատրութիւն՝

«Տղու հոգի» պատմուածքներու ժողովածուն Արամ Հայկազի գրուածքներն են մանկութեան անմեղ պահերու, ընտանեկան կեանքի ուրախ, երբեմն ալ՝ չարաճճի դէպքերու մասին։

Մտերմիկ ու կատակախառն պատմութիւններու շղթայ մըն է, ուր տղոց անկեղծ ժպիտն ու անսպասելի արկածները կը միանան ծնողներու գուրգուրանքին, հոգիները ջերմացնող  պատկերներու ընդմէջէն։

Այլ ենթախորքի վրայ, գիրքը նաեւ ծնողք ըլլալու մասին է, կեանքի եւ առօրեայ հոգերու շօշափում մը կը պարունակէ տողատակերուն մէջ։

Պատմուածքներուն մէջ կը ծաղկին նաեւ փոքրիկ մանրամասնութիւններ, ուր կ՚արտացոլան 20-րդ դարու արեւմտահայ կեանքի երանգները։ Մերթ գուրգուրանքով, մերթ ալ նուրբ հեգնանքով, հեղինակը մեզ կը տանի ժամանակէ ժամանակ եւ աշխարհէ աշխարհ։

Պատմուածքներու այս փունջը առնուած է Մարօ Գալայճեան Քիւրքճեանի եւ Յարութիւն Քուրքճեանի «Հայրենի աղբիւր» շարքէն: Ամէն ընթերցողի սեղանի գիրքը ըլլալու կոչուած այս գրքոյկը կը պարգեւէ ե՛ւ ծիծաղ ե’ւ յուզում, դարձնելով զայն թանկարժէք հատոր մը՝ թէ՛ դպրոցականներու եւ թէ՛ ամէն տարիքի ընթերցողներու համար։

Ետեւի կողքը՝

Մեծ մայրիկին սենեակին դուռը կամաց մը բացինք եւ երեքս միասին՝ «Օօ՜օօօ» ընելով ներս մտանք: Մեծ մայրիկը արթնցաւ, կարծեց որ իրաւ կոսթեր եկած են զինք տանելու, եւ քովի պատուհանէն ցատկեց դուրս…

Հեղինակին մասին՝

Արամ Հայկազ

Բուն անունով Արամ Չէքէմեան։ Ծնած է Շապին Գարահիսար: 1915-ի օրերուն ապրած է քիւրտ բեկի մը քով, ունե­նա­լով «Միւսլիմ» անունը։ Հետագային մանրամասն գրած է այս տարիներու յուշերը: 1919-ի գարնան փախած եւ հասած է Սեբաստիա, հոն­կէ Պոլիս՝ հօրաքոյրերուն քով, որոնք զինք ղրկած են Կեդրոնական վարժարան, որպէսզի, իր խօսքով, «կաշի կրող» չըլլար: Շուտով փոխադրուած է Միացեալ նահանգներ, ուր ապ­րած է ամբողջ իր կեանքը։ Դեռ Պոլսոյ մէջ ուսանող, իր առաջին գրութիւնը լոյս տե­սած է Պոսթոնի «Հայրենիք» թերթին մէջ՝ «Արամ Կար­միրեան» ստորագրութեամբ: Եղած է սփիւռքահայ գրականութեան ամենէն ընթերցուած եւ սիրուած հեղինակներէն մէկը։

 

Գրական գործերը ամփոփուած են հետեւեալ հատոր­ներուն մէջ՝

«Ցեղին ձայնը» (Ա. հատոր, 1949, Բ. հատոր, 1954)
«Շապին Գարահիսար եւ իր հերոսամարտը» (1957)

«Չորս աշխարհ» (1962)

«Պանդոկ» (1967)

«Կարօտ» (1971)

«Չորս Տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (1973)

«Երջանկութիւն» (1978)

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.