համանուն գիրքին՝ իր յաջողագոյն երկին:Զապէլ Եսայեան 1909ին որբախնամ աշխատանք տանելու պարտականութեամբ Պոլիսէն մեկնած էր Ատանա որպէս Պատրիարքական պատուիրակութեան անդամ եւ իր ականատեսի վկայութիւնները ամփոփած էր այս հատորին մէջ: Հաւատարիմ մնալով 1911ի տպագրութեան, ներկայ հրատարակութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ Մարկ Նշանեանէն երկարաշունչ «փոխան յառաջաբանի» մը եւ ընդարձակ յաւելուածի բաժին մը, ուր զետեղուած են Զապէլ Եսայեանի «Կիլիկիոյ որբանոցները» յօդուածաշարքը (1911ին Նիւ Եորկի մէջ հրատակուած), Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Պապիկեանի կողմէ տեղւոյն վրայ ստուգումներ ընելէ վերջ Պոլիս վերադարձին գրի առնուած «Ատանայի Եղեռնը» վերնագրով տեղեկագիրէն հատուածներ, Թէոդիկի 1910ի Տարեցոյցէն քաղուած եւ Կիլիկիոյ աղէտին մասին համառօտ ժամանակագրութիւն մը եւ աղէտի վայրէն խօսուն լուսանկարներու շարք մը: Վերջաւորութեան «Այբենական ցանկ»ին առընթեր, Թրքերէն բառերու համար կցուած է նաեւ յատուկ բառարան մը: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Արտաշէս Մարկոսեան. Արէտ Կըճըրի ծրագրած կողքին մէջ կ’երեւին Զապէլ Եսայեանն ու Ատանայի հայ աղէտեալներր: Զապէլ Եսայեան շրջած էր Կիլիկիոյ աւերակներուն մէջ եւ երկնած. Արաս Հրատարակչատունն ալ դար մը ետք այս հատորը լոյսին ընծայելով ընթերցողը կը հրաւիրէ շրջելու Անոր իսկ Աւերակներուն մէջ:
ԶապԷլ Եսայեան, բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ս. Խաչ Վարժարանին մէջ: Տասնեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Հոն ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն, փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927ին կ'այցելէ խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ Պրոմէթէոս Ազատագրուած հատորը:
1933ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937ին կը դառնայ Ստանիլեան հալածանքներու զոհ, կ'աքսորուի եւ կը մեռնի 1943ին Սիպիրիոյ մէջ:
Ծանօթ Գործերը
Շնորհքով Մարդիկ, Սպասման Սրահին Մէջ, Սկիւտարի Վերջալոյսներ, Կեղծ Հանճարներ, Անձկութեան Ժամեր, Վերջին Բաժակ, Հոգիս Աքսորեալ, Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր, Աւերակներուն Մէջ, Սիլիհտարի Պարտէզները, Կրակէ Շապիկը, Պրոմէթէոս Ազատագրուած, Պարպա Խաչիկ...