Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի Հետ

Պետրոս Զօպեան

Stokta Yok
Սեռ՝Յուշագրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունիս 2003
Բ տպագ., Մայիս 2007

Էջն ու չափերը՝

380 էջ, 16x24 սմ

ISBN

9789757265566

Բացատրութիւն՝

1964-ին «Նոր Մարմարա» օրաթերթին մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքը ընթերցողներուն կը ներկայանայ իբրեւ գիրք, ուր զետեղուած են նաեւ 135 լուսանկար, ինչպէս նաեւ վաւերագրական արժէք ունեցող լուսապատճէններ եւ դէպի Պիթլիս կատարուած այդ ճամբորդութեան քարտէսը: Գիրքը Սարոյեանի սիրահարներուն համար խիստ հետաքրքրական է, քանի որ հոն Սարոյեանը կարելի է տեսնել հայրենի աշխարհին՝ Պիթլիսին մէջ, ուր ապրէր էին իր ծնողները։

Հեղինակին մասին՝

Պետրոս Զօպեան

1923-ին ծնած է Օրթագիւղ, ուր ալ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, թաղի Ս. Թարգմանչաց վարժարանին մէջ։ Ապա աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Ստանպուլի թեքնիքական համալսարանի ճարտարապետութեան բաժնէն։ 1950-ին, երբ մահացած է իր աները՝ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի արտօնատէր եւ խմբագրապետ Սուրէն Շամլեան, ստանձնած է թերթին վարչութիւնը։ Մինչեւ 1967-ին Քանատա գաղթը, շարունակած է այս պաշտօնը, միաժամանակ ի գործ դնելով իր բուն մասնագիտութինը՝ ճարտարապետութիւնը։ Մայիս 1964-ին Պոլիս ծանօթացած է Ուիլիըմ Սարոյեանին, որ Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթած ընտանիքի մը զաւակն էր։ Սարոյեանին ուղեկցած է դէպի Պիթլիս իր ուղեւորութեան ընթացքին։ «Արաս» հրատարակած է Զօպեանի «Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» հատորը, ուր ան պատմած է այս ուղեւորութեան մասին։ Եղած է 1958-ին ապասեփականացուած Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ փոքր մէկ տարածքին վրայ կառուցուած համանուն եկեղեցւոյ ճարտարապետը։ Քանատա բնակութեան տարիներուն շարունակած է աշխատակցիլ «Նոր Մարմարա»ին եւ սփիւռքահայ մամուլին։ 2004-ին մեռած է Թորոնթօ։

Մամուլի արձագանգ՝

Bir Yayınevi: ‘Ermeni edebiyatına açılan pencere’

  Birgün Kitap Eki   Volkan Alıcı   02.07.2011

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.