187,50 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
«Արաս» հրատարակչութիւնը ուսումնական այս նոր տարեշրջանին մանաւանդ դպրոցական հասակի պատանիներուն կը ներկայանայ հայ գրականութեան ընտրանիով մը։ «Երբ պատանի ենք» գիրքը նախատեսուած է ո՛չ միայն դպրոցականներուն համար, այլ բոլոր տարիքէ ընթերցողներու համար առհասարակ։
«Երբ պատանի ենք» գիրքով կարելի է ծանօթանալ ժամանակակից հայ գրողներու պատմուածքներէն խտացուած ու պարզեցուած նմուշներու, որոնց մէջ հերոսները կ՚երեւին իրենց մանուկի կամ պատանիի յուզումներով ու ապրումներով։ Ամերիկայի մէջ դէպի Արարատ ճանապարհորդութեան ձեռնարկող միամիտ տղաքը, Երուսաղէմի վանքին մէջ հայկական իր արմատները վերագտնող լեհը, սիրոյ առաջին յուզումն ու արկածները ապրող պարման ու պարմանուհիները, ձիուն շնորհիւ կեանքին բռնուող սասունցի պատանին, լեռնային ոգիներով հետաքրքիր աղջնակը, հետագային արուեստագէտ դարձած մանուկը կամ Հայաստանի անկախութեամբ տակնուվրայ եղած երիտասարդները եւ աւելին ո՛չ միայն ընթերցանութեան նիւթ կը մատակարարեն, այլ նաեւ առիթ կը դառնան մտորելու այս եւ այլ նիւթերու մասին։
Իւրաքանչիւր պատմուածքէն ետք զետեղուած է բառարան մը։ Իսկ գիրքի աւարտին կան խաղ-հարցարաններ, որոնց շնորհիւ ընթերցողները պիտի կարենան թարմացնել իրենց կարդացածներուն տպաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քննել իրենց յիշողութիւնը։
Գիրքին համար հիմք հանդիսացած է սփիւռքահայ վաստակաշատ մանկավարժներ Մարօ Գալայճեան-Քիւրքճեանի ու Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ 2006-ին հրատարակուած «Հայրենի աղբիւր»ի գրադարանի վեցերորդ գիրքը՝ «Տասը աշխարհ»ը։
Կարդալով այս պզտիկ գիրքը՝ ընթերցողը պիտի կատարէ մեծ շրջապտոյտ մը՝ երկրային ու աննիւթական աշխարհագրութիւններու վրայ, հաւասարապէս։ Կարօ Սասունիի,Լուիզա Ասլանեանի, Յակոբ Մնձուրիի, Զապէլ Եսայեանի, Գուրգէն Մահարիի, Մուշեղ Իշխանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Զարեհ Որբունիի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Յակոբ Կարապենցի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Վահրամ Մավեանի, Վեհանուշ Թեքեանի, Մարուշի, Վահէ Պէրպէրեանի ու Վահէ Օշականի պատմուածքները տեղադրուած են մանկութենէ դէպի վաղ երիտասարդութիւն ընթացող ժամանակագրութեամբ։
«Շա՛նթ, ըսի՞ր…»
Յօնքերը բարձրացուց. գլուխը պիտի քերէր, եթէ ձեռքը ազատ ըլլար: Վահէին դէմքին վրայ տեսակ մը ժպիտ կայ, ինքնավստահ ժպիտ մը. կարծես ըսած-վերջացուցած է: Ի՛նք ալ պիտի ըսէ. «Սոնա, ես քեզ կը սիրեմ»: Ամբողջ եղա՞ծը՝ կէս վայրկեան. բայց հետեւա՜նքը… Երեւակայէ՛: Ա՛լ սինեմա առանձին կ՛երթան: Ներսը՝ իրարու ձեռք բռնած կը նստին… Դասարանը՝ ուրիշներու պէս թղթիկներու վրայ նամակ չեն գրեր իրարու. ամէն բան կ’ըսեն՝ բացէ ի բաց եւ մանրամասն:
«Ըսէ՛, ծօ՛:»
«Վահէ, դուն ըսի՞ր», խօսեցան Շանթին աչքերը:
Վահէին յօնքերը վեր բարձրացան:
-Երթանք միւզիքը փոխենք:
Գացին ձայնագիրին քով: Վահէն փսփսաց.
-Դուն կամաց մը ներս տար՝ հո՛ն ըսէ…: Երբ դուք ելլէք, մենք ներս կ’երթանք:
-Արդէն ես անանկ կը մտածէի. անանկ պիտի ընեմ:
Շանթը գլուխը քերելով ետ եկաւ: Սոնան շատ-շատ գեղեցիկ էր եւ լուռ էր:
-Ներս երթա՞նք:
-Ո՞ւր,- հարցուց Սոնան: Կարծես գիտէր, թէ ներս երթալ մը կայ, բայց յստակ չէր՝ ո՛ր կողմ:
-Ներսը, եղբօրս սենեակը:
CNN Türk Kültür Sanat 09.03.2018