125,00 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
Զապէլ Եսայեան «Կեղծ հանճարներ» վէպը նախ որպէս թերթօն հրատարակած է 1905-1907 թթ. միջեւ, Իզմիրի «Արեւելեան մամուլ»ին մէջ, առանց սակայն աւարտին հասցնելու։ Վէպը առանձին հատորով եւ ամբողջական ձեւով հրատարակուած է Պոլիս, 1910 թուականին, որմէ շուրջ 110 տարի անց վերստին կը մատուցուի ընթերցողին, «Արաս»ի պիտակով։ Թուրքիայէ խումբ մը հայ ուսանողի եւ երիտասարդ մտաւորականի Փարիզի կեանքը սեւեռող, գրականութեան ու արուեստի իրենց որոնումները լուսարձակի տաղ առնող, հարազատ բնակավայրերէն հեռու ապրուած կեանքերը վերլուծող երկը միաժամանակ յարերգութիւնն է հեղինակին անձամբ ծանօթ, հետագայի անուանի գրագէտներուն, որոնք դեռ երիտասարդ են այդ տարիներուն։ Երիտասարդ ուսանողի մը տունէ-տեղէ հեռու, Փարիզ պատահած մահը եւ մահուան դիմաց այս երիտասարդներուն կեցուածքը կը բացայայտէ անոնց նկարագրին մութ ծալքերը։ Զապէլ Եսայեանի գլխաւոր կերպարն է Տաճատ Չարըքեան, որ իր ներշնչանքը քաղած է «Ներաշխարհ»ի հեղինակ, բանաստեղծ, նկարիչ Տիրան Չրաքեանէն։ Վերջինս, անշուշտ, վէպին մէջ կը գտնէ ինքզինք եւ այս առթիւ նամակ մը կը գրէ ընկերոջը՝ Միքայէլ Կիւրճեանին։ Նամակը եւս կցուած է հատորին եւ լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ, առանց գրաքննութեան։
Իսկ ասոնցմէ դուրս կան այն երիտասարդները որոնք ապշեցուցիչ ընդունակութիւն մը ցոյց կու տան իրենց ընդգրկած ասպարէզին մէջ, մինչեւ որոշեալ կէտ մը՝ ուրկէ ետք կ՚ընկրկին հետզհետէ եւ կ՚իյնան անկման մէջ եթէ ժամանակին դիպուածով կամ գիտակցութեամբ չհեռանան ասպարէզէն։ Բոլոր ասոնք սակայն մեծ նմանութիւններ ունին ճշմարիտ հանճարներու եւ տաղանդներու ընտանիքին հետ, նմանութիւններ թէ ֆիզիքական, թէ բարոյական, որոնք ինչքան ալ խաբուսիկ եւ զուտ մակերեւութեային՝ կը մոլորեցնեն զիրենք շրջապատողները եւ իրենց անձերն ալ. հակառակ կեղծելու եւ դեր մը կատարելու ճարտարութեան որ կը յատկանշէ զիրենք, պէտք չէ կարծել թէ այդ կեղծ հանճարները գիտակից են իրենց բուն իսկ վիճակին. այդ նմանութիւնները, թէ ներքին եւ թէ արտաքին, ամենէն առաջ զիրենք կը խաբեն եւ զիրենք կը տեղաւորցնեն կատարելիք դերին մէջ որուն կը նպաստէ կարճատես, դիւրահաւան եւ թեթեւութեամբ դատող ապիկարներու հիացումը։
ԶապԷլ Եսայեան, բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ս. Խաչ Վարժարանին մէջ: Տասնեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Հոն ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն, փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927ին կ'այցելէ խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ Պրոմէթէոս Ազատագրուած հատորը:
1933ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937ին կը դառնայ Ստանիլեան հալածանքներու զոհ, կ'աքսորուի եւ կը մեռնի 1943ին Սիպիրիոյ մէջ:
Ծանօթ Գործերը
Շնորհքով Մարդիկ, Սպասման Սրահին Մէջ, Սկիւտարի Վերջալոյսներ, Կեղծ Հանճարներ, Անձկութեան Ժամեր, Վերջին Բաժակ, Հոգիս Աքսորեալ, Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր, Աւերակներուն Մէջ, Սիլիհտարի Պարտէզները, Կրակէ Շապիկը, Պրոմէթէոս Ազատագրուած, Պարպա Խաչիկ...