Հէ՜գ թուղթի կտորներ

Վահրամ Պուրմաեան

210,60 

Etiket Fiyatı: 280,80 

%25
Սեռ՝Պատմուածք
Լեզուն՝Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Փետրուար 1999
Բ տպագ., Մայիս 2005

Էջն ու չափերը՝

160 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9789757265153

Բացատրութիւն՝

Գիրքը կ՚ամփոփէ Վահրամ Պուրմաեանի յուշերը եւ պատմուածքները։ Ունի մենագրական բնոյթ հեղինակին ծննդավայրին՝ Ատափազարի ու շրջակայքին մասին եւ կը փոխանցէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ դարասկիզբի ապրելակերպէն: Հեղինակը ընթերցողը կ՚առաջնորդէ նաեւ դէպի Արմաշ՝ հանդիպելու Օրմանեաններու, Դուրեաններու, Կոմիտասներու, Եղբայր Մինասներու, Արամ Նիկողոսեաններու եւ Փեբրոնէ Սրուանձտեանցներու

Հեղինակին մասին՝

Վահրամ Պուրմաեան

1893-ին ծնած է Ատաբազար, ուր ալ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ 1915-ին տարագրուած է Հալեպ, ուր եղած է կայարանի պաշտօնեայ։ 1922-ին հաստատուեցաւ Պոլիս, ուր զանազան դպրոցներու մէջ երկար տարիներ պաշտօնավարեց որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն։ 1983-ին հրատարակուեցաւ իր «Դպրոցը իր հոգիով» գիրքը, 1985-ին ալ՝ իր կողմէ պատրաստուած «Արամեան վարժարանի հարիւրամեայ պատմութիւնը» հատորը։ Պուրմաեան ի տղայ տիոց մօտ եղած է գրական աշխարհին եւ զանազան թերթերու մէջ հրատարակած է իմաստասիրական, կրթական ու մանկավարժական բնոյթով յօդուածներ։ Մահացած է 1987-ին եւ թաղուած՝ Պաղլարպաշիի գերեզմանատունը։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.