Պանդուխտ երգեր

Բագրատ Էսդուքեան

210,60 

Etiket Fiyatı: 280,80 

%25
Սեռ՝Պատմուածք
Լեզուն՝Հայերէն
Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Փետրուար 2013

Էջն ու չափերը՝

140 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786055753368

Բացատրութիւն՝

Գիրքը կը բովանդակէ 11 պատմուածք, մեծ մասամբ առնչուած հայ իրականութեան զանազան դրսեւորումներուն հետ: Բագրատ Էսդուգեանի պատմուածքները շրջապտոյտ մըն են Պոլիսէն դէպի հեռաւոր երկիրեր ու քաղաքներ՝ Նիւ Եորք, Երեւան, Մոսկուա, Սպանիա։ Պարզ ու սահուն ոճով մը ներկայացուած տարբեր ապրումներն ու մարդկային բարդ իրավիճակները կը պարուրեն ընթերցողը՝ յառաջացնելով յուզումնախառն ցնցումներ:

Հեղինակին մասին՝

Բագրատ Էսդուքեան

1953-ին ծնած է Ռումելիհիսար, Պոլիս։ Մանկութիւնը անցած է Թաքսիմի հայաշատ Ֆերիտիէ պողոտային վրայ։ Կրթութիւնը ստացած է Էսաեան, Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Հիմնադիրներէն մէկն է Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ Սայեաթ-Նովա երգչախումբին։ Պատմուածքները հրատարակուած են «Նոր Սան» եւ «Հոպինա» հանդէսներուն, «Նոր Մարմարա» եւ «Ակօս» թերթերուն մէջ։

Էսդուքեանի նախապէս հայերէն գրուած եւ իր իսկ թրքերէնի թարգմանած պատմուածքներէն ընտրանի մը 2011-ին հրատարակուած է «Էւերեսթ» հրատարակչատան կողմէ։

Ան ամուսնացած է, ունի երկու որդի։ Այժմ կը վարէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերուն խմբագիրի պաշտօնը։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.