172,50 ₺
Etiket Fiyatı: 230,00 ₺
Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Ի. դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ։ «Սպասման սրահին մէջ» գրագիտուհի տիկնոջ առաջին վէպն է, որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»ի մէջ, սեպտեմբեր 1903-էն սկսեալ։ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը կը ներկայացնէ գիրքը, ուր երիտասարդ սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան զլացած կաթը կը փորձէ ապահովել մայրանոցի միջանցքներուն մէջ՝ վկան դառնալով հիւանդանոցի պաշտօնեաներուն անխիղճ վերաբերմունքին։ «Սպասման սրահին մէջ»ի այս առաջին հրատարակութեան յառաջաբանը գրի առած է գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան։
Հիւանդապահուհիները անփութօրէն կը կատակէին ծնող կիներուն հետ, անախորժ եւ լկտի խօսքերով. նորածին-ներ շտապով կը տեղաւորցնէին ceuveuseներու մէջ, անդին գրեթէ վիժած մը կը մեռնէր մօրը աչքին առջեւ եւ իր ճիշդ քովը կին մը քլորոֆորմի ազդեցութեան ներքեւ մեռելի պէս տժգոյն երկնցած էր անկողնին վրայ. բժիշկները ստիպուած էին տղան յօշոտել որպէսզի մայրը ազատի. կը յիշէր դեռ արիւնոտ եւ անձեւ անդամները որ մէկիկ-մէկիկ իրարու վրայ կը դնէին ու այնքան եղերական էին այդ պզտիկ էակին ջարդուած կտորները որ գարշելի ու immonde դէզ մը կը կազմէին մայրիկին անկողնին քովը. ու կը յիշէր նաեւ ամպերուն որոտումը, հիւանդներուն գո-չիւնը, քլորոֆորմին հոտը որ մինչեւ իրեն կու գար բայց մանաւանդ կտրտուած նորածինին գլուխին տեսքը -կա-կուղ գրեթէ լպրծուն գլուխ մը թուշին վրայէն կիսովին կտրուած- զոր աւելցուցեր էին անոր մարմնոյն միւս կը-տորներուն վրայ, նուաղում պատճառած էր իրեն վերջա-պէս ու հազիւ ինքզինքին եկած առաջին անգամ ըլլալով տեսած էր Բրացը որ զինքը կը խնամէր եւ ալ չէր հեռացած քովէն մինչեւ վերջը։
ԶապԷլ Եսայեան, բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ս. Խաչ Վարժարանին մէջ: Տասնեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Հոն ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն, փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927ին կ'այցելէ խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ Պրոմէթէոս Ազատագրուած հատորը:
1933ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937ին կը դառնայ Ստանիլեան հալածանքներու զոհ, կ'աքսորուի եւ կը մեռնի 1943ին Սիպիրիոյ մէջ:
Ծանօթ Գործերը
Շնորհքով Մարդիկ, Սպասման Սրահին Մէջ, Սկիւտարի Վերջալոյսներ, Կեղծ Հանճարներ, Անձկութեան Ժամեր, Վերջին Բաժակ, Հոգիս Աքսորեալ, Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր, Աւերակներուն Մէջ, Սիլիհտարի Պարտէզները, Կրակէ Շապիկը, Պրոմէթէոս Ազատագրուած, Պարպա Խաչիկ...