«Հիփփօ» վերամուտը կը դիմաւորէ գիրքով մը, որ երկրաչափութիւնը հաճելի պիտի դարձնէ մանուկներու համար։ Չորս ընկեր՝ Քառակուսիլ, Ուղղենկիւն, Գեռանկիւն եւ Զրջան, որոնք թէեւ իրարու չեն նմանիր, բայց նաեւ անբաժան են իրարմէ։ Անոնք իրենց օրերը կ՚անցընէին զանազան խաղերով եւ օր մըն ալ կ՚որոշեն բոլորովին նոր բանի մը ձեռնարկել. իրե՛նք պիտի որոշէին իրենց խաղերը, խաղին կանոնները։ Իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւնը նոր տարողութիւն մը պիտի…
Եղնիկը, որ անտառի ամենէն համով կարկանդակները կը պատրաստէ, ամէն օր պտուղ կը հաւաքէ միայն իրեն ծանօթ գաղտնի ու բերրի հողատարածքէ մը։ Ան իր հաւաքած պտուղներով ու Գաղտնի Համերու Գիրքին ալ օգնութեամբ հրաշքներ կը գործէ խոհանոցին մէջ՝ ցերեկէ ետք թէյի ընկերակցութեամբ համեղ քաղցրեղէններ հիւրասիրելով անտառի իր ընկերներուն։ Օր մը սակայն Գաղտնի Համերու Գիրքը կը կորսուի։ Բարկացած Եղնիկը երբ կը սկսի…
Զաւէն Պիպեռեան, որ հայալեզու գրականութեան անդաստանին վրայ տիրական անունմըն է իր վէպերով ու պատմուածքներով, առաջին անգամ ընթերցողին կը ներկայանայ չափածոյ գործերով։ Առանձին հատորով մը իրենց առաջին հրատարակութեան արժանացող այս քերթուածները ո՛չ միայն երիտասարդ հեղինակի մը գրական որոնումներուն մասին կը վկայեն, այլ նաեւ առիթ կու տան ծանօթանալու այն տողերուն, որոնց ան ապաստանած է ամէն անգամ որ անարդարութեան ենթարկուի ազգային ինքնութեան բերմամբ։…
Հայալեզու գրականութեան ամենաբեղուն գրիչներէն մէկն է Լեռ Կամսար, որու ստեղծագործութիւններու տպագրութիւնը խրախուսելի չէին կամ ընդհանրապէս արգիլուած էին սովետական վարչակարգի ժամանակաշրջանին։ Գրողի մահէն, սովետական վարչակարգի փլուզումէն ու Հայաստանի անկախութենէն ետք, շնորհիւ Լեռ Կամսարի ժառանգորդներուն, գրագէտին անտիպ գործերը լոյս աշխարհ եկան՝ բացայայտելով մինչ այդ ծածուկ մնացած անսովոր աշխարհ մը։ Կամսարի գրական ժառանգութիւնը կարեւոր է անցեալին առերեսուելու ու զայն վերստին գնահատելու առումով։ Հատընտիր…
Կան խորհուրդներ, զորս բոլորը գիտեն, սակայն ոչ ոք կը խօսի անոնց մասին։ Հասարակութիւնը մէջ մէջի կ՚ապրի այս խորհուրդներով ու նա՛եւ անոնց ստեղծած ուրուականներով։ Անատոլուի մէջ ուրուական մը կը շրջի, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր. Ուրուական հարիւր հազարաւորներու, որոնք սպանուած են արիւնալի կոտորածներով, արմատախիլ եղած են իրենց հայրենիքէն։ Մինչդեռ երբեմն կենդանի մարդիկ ալ կրնան ուրուականի վերածուիլ, մանաւանդ երբ կը ստիպուին…
Երկար ժամանակ կը պահանջէ ինքզինք ըլլալ։ «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» կը ներկայացնէ մանուկի մը՝ դէպի չափահասութիւն երկարող ճամբուն վրայ հանդիպած խոչընդոտները եւ անոնց դիմաց իրեն նեցուկ կանգնող մեծ մայրը, ընկերները, գիրքերով ու մատիտներով շրջապատուած աշխարհը։ Այն պահերը, երբ կը գիրնանք, երբ մենք մեզ կը զգանք տարբեր ու առանձին, տարիները, երբ անվերջ հարցումներ կը հարցնենք մենք մեզի՝ մեր կեանքի անբաժանելի…
Տարօրինակ բաներ կը պատահին սառնարանին մէջ։ Բանջարեղէնները, ա՛լ ձանձրացած զիրենք ուտել չուզող մանուկներէն, ապստամբութեան դրօշ պարզեցին։ Մեղրադդումը կը պոռայ, բրքուկը կը փնթփնթայ, չքնտուրը կը բողոքէ մանուկներու՝ դդմաճի հանդէպ ունեցած սիրոյն դէմ, դարապղպեղը կծու խօսքեր կ՚ըսէ, ծաղկակաղամբը լարուած այս խառնակութենէն՝ փուք կ՚արձակէ, ոլոռներու աղաղակը կը լռեցնէ բոլոր ձայները եւ ճիշդ այդ պահուն սմբուկը բարկութենէ կը պայթի։ Կը շարունակենք դարձնել էջերը եւ…
Մարօճան տեսաւ գառնուկ մը ու հարցուց ինքն իրեն. «Եթէ ես ալ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայի՝ ինչպէ՞ս կը փոխուէր կեանքը»։ Ձմրան թէեւ հաստ հագուստներու պէտք չէր ունենար, բայց ամրան կը քրտնէր։ Այո՛, թերեւս հաճելի ըլլար ընկերներու հետ խաղալը, բայց աղտոտելէ ետք չարչարանքի պիտի վերածուէր լոգնալը։ Տեսնենք, Մարօճան ի՞նչ պիտի ընէ իր բուրդերով։ Իսկ դուք ի՞նչ պիտի ընէիք,…
245,00 ₺
Etiket Fiyatı: 350,00 ₺
Անձնուէր թատերագէտ Յակոբ Այվազ յիսուն տարի շարունակ անխափան հրատարակած է Թուրքիոյ ամենաերկարակեաց թատերական հանդէսը՝ «Քուլիս»ը։ Ան առաջին անգամ բեմ բարձրացած ըլլալով 1920-ականներուն, հանրապետութեան առաջին տարիներէն սկսեալ մինչեւ 2000-ական թուականները անձամբ դիտած է թուրք եւ հայ դերասաններու բեմադրած գրեթէ բոլոր ներկայացումները, իր պարբերականով բռնած է բեմարուեստին բազկերակը՝ դառնալով Թուրքիոյ թատերական պատմութեան գանձարաններէն մէկը։ Այվազ ի՛նքն ալ դերասան մըն էր, բեմադրած էր…