Զաւէն Պիպեռեանի առաջին վէպն է «Լկրտածը», որ հրատարակուած է 1959-ին։ Հանրապետական շրջանի ստանպուլահայ գրականութեան անդրանիկ վէպերէն մէկն է այս ստեղծագործութիւնը, որ արժանացած է ժամանակակիցներու դրական գնահատանքին։ Պոլսոյ ամարանոցային աւաններէն մէկը՝ Էրենգիւղը, թատերաբեմն է շաբաթավերջեան իրադարձութիւններու։ Հասարակական տարբեր խաւերուն դրացնութիւնը կամ անոնց հեռաւորութիւնը, անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն, Պիպեռեան կու տայ լեզուական հնարքներով, շարժանկարային հատու դրուագումներով՝ նրբօրէն զարգացնելով ծածուկ լարուածութիւնը, որ վէպի…
Զապէլ Եսայեան «Կեղծ հանճարներ» վէպը նախ որպէս թերթօն հրատարակած է 1905-1907 թթ. միջեւ, Իզմիրի «Արեւելեան մամուլ»ին մէջ, առանց սակայն աւարտին հասցնելու։ Վէպը առանձին հատորով եւ ամբողջական ձեւով հրատարակուած է Պոլիս, 1910 թուականին, որմէ շուրջ 110 տարի անց վերստին կը մատուցուի ընթերցողին, «Արաս»ի պիտակով։ Թուրքիայէ խումբ մը հայ ուսանողի եւ երիտասարդ մտաւորականի Փարիզի կեանքը սեւեռող, գրականութեան ու արուեստի իրենց որոնումները լուսարձակի…
1915-ին սկսած եւ ցարդ շարունակուող արկածի մը հետքերուն կը հետեւի Վարդօ։ Առաջին աշխարհամարտի աղիտալի սեւ օրերուն, Անատոլուի արեւելքին, գիւղի մը մէջ, քոյր ու եղբայր Մարիամին ու Վարդոյին ճանապարհը կը խաչաձեւուի անծանօթի մը՝ Հասանին հետ։ Քրոջ ու եղբօր ընտանիքը «աքսոր» կոչուած մահուան ճանապարհորդութեան մը ուղարկուած են, եւ Հասանին մահամերձ հայրը իր զաւկէն կը խնդրէ, որ Մարիամն ու Վարդօն հասցնէ ապահով ապաստարան…
Դանիէլ Վարուժան, որ մինչեղեռնեան հայալեզու գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մէկն է, վերածուած է կոթողի մը՝ իր ժողովուրդին կեանքը քերթողական արուեստի գագաթները նուաճող ստեղծագործութեամբ մը նկարագրելուն համար։ Վարուժան ձերբակալուած է 24 ապրիլ 1915-ի իրիկունը, իր տան մէջ։ Ոստիկանները այդ օրերուն գրաւած են նաեւ իրեն պատկանող թղթապանակները, որոնք աւելի ետք ետ առնուած են, արկածալից աշխատանքով մը։ Յիշեալ թղթապանակներուն մէջ էր նաեւ 1921-ին հրատարակուած…
Գծավէպի մատենաշարի այս առաջին գիրքը մեզ կը տանի դէպի Ֆրանսա, Թուլոնի ծովեզերքը։ Պատումը կը սկսի Ալճերիոյ, նոյնիսկ աւելի անդին՝ Անատոլուի մէջ։
Փոքրիկ Մահմուտի կեանքը հիմնապէս կը փոխուի, երբ Ալճերիայէն կու գայ մինչ այդ չտեսած իր մեծ մայրը։ Ան ունի գաղտնիք մը, զոր չի գիտեր Մահմուտ։ Մեծ մայրը հետզհետէ աւելի շատ տեղ գրաւել կը սկսի թոռնիկներու կեանքէն ներս, մինչ Մահմուտ աւելի…
ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկիզբի թատերական հարուստ կեանքը, իր բազմաթիւ դերասաններով, թատերախումբերով, թատերական սրահներով, ո՛չ միայն հայ, այլեւ թուրք, յոյն, հրեայ եւ օսմանեան խճապատկերին խայտաբղէտ գոյներով, կը ներկայանայ այս գիրքին մէջ՝ հռչակաւոր Կավռօշի, այսինքն Երուանդ Թօլայեանի առաջին անգամ հրատարակուող կոթողային յուշագրութեամբ՝ «Կավռօշ-նամէ»ով, ուր ընթերցողը պիտի տեղեկանայ հետեւեալ եւ այլ բազմաթիւ հետաքրքրաշարժ դրուագներու մանրամասներուն.
Ո՞վ էր այն հայ խմբագիրը, որ Օսմանեան…
441,00 ₺
Etiket Fiyatı: 630,00 ₺
Թագուհի Թովմասեանի «Մեր շէն սեղանէն» գիրքը կը տարբերի խոհագիրներու ընկալեալ հաւաքածոներէն ու կը վերածուի ճանապարհորդութեան մը՝ դէպի այլեւս «անցեալ» պիտակը կրող օրերը։ Հեղինակը՝ Թագուհի Թովմասեան, ընթերցողին կը փոխանցէ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեծ մայրերէն ու ընտանիքի երէցներէն իր սորված աւելի քան երեսուն կերակուրներու, աղանդերներու, աղցաններու, անուշեղէններու ու ըմպելիներու պատրաստման եղանակները՝ անոնց միախառնելով իր յուշերը անձերու կամ վայրերու մասին։
Գիրքը ո՛չ…
Գիրքը, որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն՝ Արա Կիւլերի, վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու յետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ՝ գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը։ Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»ի մը՝ հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլէրի գրութիւններուն ու…
«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն ու ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները։ Եսայեանի անդրանիկ՝ «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով մը տպելէ ետք, «Արաս» այժմ ալ հատորով մը կը ներկայացնէ «Շնորհքով մարդիկ» ու «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը։
Առաջինը՝ «Շնորհքով մարդիկ»ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագաեան» տպարանէն, որպէս «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւնը։…