Իսթանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։
Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը կազմեն Պոլսոյ զանազան վայրերը՝ Իշխանաց կղզիներէն Մաչքայի հանրապարտէզը, Էմինէօնիւէն Ֆեներպահչէ։
Սխալ պիտի ըլլար անշուշտ վէպը զուտ սիրային պատումի մը սահմաններուն մէջ ընկալել. մեկնելով Սուրէն ու Նորմայէն՝ հեղինակը կը փորձէ սեւեռել Վեց Սեպտեմբերի դէպքերու վաղորդայնին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, յատկապէս պատկերելով Սուրի ընտանեկան պարագաները՝ նորելուկ հարուստ մը եղող, թաղական ու «ազգայինճի» հայրը՝ Գէորգը, մայրը՝ Մելինէն, որ տունը բանտարկուած, հեշտութեամբ ստանձնած է քաղքենի հասարակութեան կողմէ իրեն պարտադրուած դերը, եւ միւսները՝ քոյրն ու եղբայրը, որպէս նոր սերունդ։
Սուրի ու Նորմայի անկուտիութիւնը, որ ատեն-ատեն կը հրահրէ ներընտանեկան անլուր բռնութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, հեղինակին՝ Զաւէն Պիպեռեանին ատաղձ մատակարարած է հիւսելու իր այս անզուգական վէպը։
Նոր հրատարակութիւնը կատարուած է առաջին հրատարակութեան վրայէն, կէտադրական եւ ուղղագրական աննշան հպումներով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով հեղինակի սկզբունքներուն։
–Ի՜նչ օր էր այդ օրը… երբ խանութ գացի եւ տեսայ… Ասոնք ալ տեսան…
Արհամարհական շարժում մը ըրաւ տղոց ուղղութեամբ.
–Հին բաները չէին տեսած, նոր բան մը պատահեցաւ, որպէսզի ասոնք ալ անմասն չմնան։ Ի՜նչ էր խանութին վիճակը, այն առտուն… Հէ՞, կը յիշե՞ս ծօ՛։
Դէմքը խիստ էր, ձայնը խիստ էր, բայց շեշտը կ՚ըսէր, թէ մերձեցում կը փորձէր։
Սուր չպատասխանեց։ Խանութին խօսքը ըլլալուն պէս կը յիշէր ոչ թէ Վեց Սեպտեմբերը, այլ այն դժնդակ օրերը երբ հօրը կ՚երթար, երբեմն, քանի մը ղուրուշ խարճլըխ ուզելու համար, եւ կը մերժուէր։ Մուրացկանի՛ պէս։ Այն փոշի հոտող, մութ որջը, որուն տախտակամածը ամէն առտու ջրուելէն՝ փտած, սեփսեւ էր, մեռած ակռայի մը պէս։ Այն խանութը, որուն հանդէպ անբացատրելիօրէն խոր ատելութիւն մը ունէր։
–Շատ աղէկ ըրին, ըսաւ։ Ես ըլլայի նէ ամբողջովին կը քանդէի։
Ծնած է 1921-ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը։ Յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Տիպար կրթարան (Սուլթանեան) եւ Սեն Ժոզեֆ վարժարանները, բարձրագոյն կրթութիւնն ալ ստացած՝ Առեւտրային գիտութեանց ակադեմիայէն։
Աշխատակցած է պոլսահայ ու սփիւռքահայ մամուլին, երբեմն մաս կազմելով նաեւ անոնց խմբագրակազմերուն։ Քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով 1949-էն սկսեալ քանի մը տարի, մինչեւ 1953 թուականը, բնակութիւն հաստատած է Պէյրութ։
Պիպեռեան ունեցած է նաեւ քաղաքական գործունէութիւն. 1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եղած է երեսփոխանական թեկնածու՝ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան շարքերէն։ 1968-ի քաղաքային մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով ընտրուած է Իսթանպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, եղած՝ այդ խորհուրդին փոխ-նախագահը։
Գրականութեան առընթեր սիրողաբար հեղինակած է գեղանկարներ, արձանիկներ, շինած՝ խաղալիքներ. Մեծ կղզիի հանդէպ ունեցած է պաշտամունքի հասնող սէր մը։
Մահացած է 4 հոկտեմբեր 1984-ին, Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մտաւորականներու թաղը։
Գործածած է հետեւեալ գրչանունները՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ. Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեզիս, Կինօֆիլ. եւն.:
Զաւէն Պիպեռեանի հեղինակային գիրքերն են՝
• «Մեղապարտ Ոսկին կամ աբեղայի մը Գողգոթան» (անթուակիր, հաւանաբար լոյս տեսած է 1953-էն առաջ)։
• «Լկրտածը» (վէպ, 1959, 2020), հեղինակային թարգմանութիւնը՝ Yalnızlar (վէպ, 1966, 2000), ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ La traînée (Ժընեւ, 2015)։
• «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961, 2017):
• «Անկուտի սիրահարներ» (վէպ, 1962, 2017), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Meteliksiz Âşıklar (2017)։
• «Մրջիւններու վերջալոյսը» (վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւնը՝ 2007, 2021), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Babam Aşkale’ye Gitmedi (1998), Karıncaların Günbatımı (2019) ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ Le crépuscule des fourmis (Ժընեւ, 2012)։
• Car vivre, c’était se battre et faire l’amour (յետմահու հրատ., 2019):
• «Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ» (բանաստեղծութիւններ, 2021)։