Գիւղը կ’ապրի իմ մէջս

Յակոբ Մնձուրի

Stokta yok
Սեռ՝Պատմուածք
Լեզուն՝Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունիս 1998
Բ տպագ., Մայիս 2005

Էջն ու չափերը՝

192 էջ, 15x21 սմ

ISBN

9789757265115

Բացատրութիւն՝

Մնձուրի՝ գիւղացի հողագործը, գիւղի ուսուցիչը, քաղաքին ծանր բանուորը, մտաւորականըԲայց նախեւառաջ գրողըԱն երգեց կարօտի, երազի, սիրոյ, արցունքի, հաւատքի, ծանր ու արդար աշխատանքի, համեստ մարդոց, հացի, ծաղիկներու, լեռներու, ճամբաներու երգը: Ահա՛ անմահ վարպետէն ծաղկաքաղ մը, որ գրասէրներու համար առիթ մըն է մէկտեղուելու հայ գիւղագրութեան լաւագոյն նմուշներուն հետ։ Գիրքը ունի ծանօթագրութիւններ ու բառարան։

Հեղինակին մասին՝

Յակոբ Մնձուրի

Բուն անունով Յակոբ Տէմիրճեան։ Ծնած է 16 հոկտ. 1886-ին, Երզնկայի Փոքր Արմտան գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղին մէջ։ 1897-ին եկած է Պոլիս, ուր աշկերտ եղած է ընտանիքի մեծերուն պատկանող փուռին մէջ։ Կրթութիւնը շարունակած է Օրթագիւղի ֆրանսական դպրոցին մէջ, ուր տարի մը մնալէն վերջ, երկու տարի աշակերտելէ ետք աւարտած է Ղալաթիոյ Կեդրոնականը։ Միջնակարգի կրթութիւնը շարունակած է Ռոպէրթ քոլեճէն ներս, ուրկէ հեռացած է 1905-ին։ 1906-ին «Մասիս»ին մէջ հրատարակուեցաւ իր «Հարս ու կեսուր»ը։ 1907-ին վերադարձաւ գիւղ։ Նոյն տարին ամուսնացաւ եւ ունեցաւ չորս զաւակ։ 1914-ին նշագեղձի վիրահատութեան համար կու գայ Պոլիս, ուրկէ չկրնար գիւղ վերադառնալ, Ա. Աշխարհամարտի պատճառով։ Այլեւս ոչ մէկ լուր կը ստանայ իր մեծ հօրմէն, մօրմէն, կնոջմէն եւ չորս զաւկէն, որոնք տարագրուած էին 1915-ին։ Սկիւտարի մէջ փռապան էր, երբ պատերազմի պատճառով կը զինուորագրուի որպէս փռապան-զինուոր։ Ցմահ կը մնայ Պոլիս։ Կը վերամուսնանայ, կ՚ունենայ երկու դուստր եւ որդի մը։ Կ՚աշխատի զանազան գործերու մէջ, ինչպէս՝ ածխավաճառ, փռապան, քարտուղար եւլն.։ Իր կապը երբեք չի խզեր գրականութեան հետ. Կը կարդայ ինչ որ ձեռքը կ՚անցնի եւ շարունակ կը գրէ։ Իր պատմուածքները կը հրատարակուին հայալեզու հանդէսներուն եւ թերթերուն մէջ։ 1978-ին կը վախճանի Պոլիս եւ կը թաղուի Շիշլիի ազգ. գերեզմանատունը։

 

Առանձին հատորով իրմէ հրատարակուած են՝

«Երկրորդ ամուսնութիւն» (վէպ, 1931)

«Կապոյտ լոյս» (1958)

«Արմտան» (1966)

«Կռունկ ուստի՞ կու գաս» (1974)

«Տեղեր ուր ես եղեր եմ» (1984)

 

«Արաս»էն հայերէնով հրատարակուած է՝

«Գիւղ կ՚ապրի իմ մէջս»

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.