Մրջիւններու վերջալոյսը

Զաւէն Պիպեռեան

375,84 

Etiket Fiyatı: 626,40 

%40
Սեռ՝Վէպ
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յոկտեմբեր 2007
Բ տպագ., Յունիս 2021

Էջն ու չափերը՝

624 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786052100998

Բացատրութիւն՝

Զաւէն Պիպեռեանի վիպագրութեան գլուխ-գործոցն է “Մրջիւններու վերջալոյսը”, ուր ան հայելի մը կը բռնէ 1940-50-ականներու պոլսահայ իրականութեան՝  երկրի քաղաքական-տնտեսական կացութեան ընդմէջէն: Վէպին առանցքը կը կազմէ Ունեւորութեան տուրքի հետեւանքով հետզհետէ քայքայուող հայ ընտանիք մը՝ ընկճուած հիւանդ հայր մը, նիւթական անկումի որպէս պատճառ իրմէ գանգատող դժգոհ կին մը ու աղջիկ մը, եւ աշխատանքային ճամբարներու մէջ անցած երեքուկէս տարուայ ծանր զինուորական ծառայութենէ վերադարձող մանչ մը ու նոր պայմաններու մէջ անոր տուայտանքը։
«Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպով Պիպեռեան ընթերցողը կը  տանի նաեւ դէպի անցեալ դարու քառասնական թուականները՝ փոքրամասնութիւնները յուզող սեւ օրերուն։ Պիպեռեանի ժամանակակից բանաստեղծ Ս. Ք. Զանգու հետեւեալը վկայութիւնը պիտի տար այս վէպին մասին. «Այդ օրերը պիտի չմոռցուին բնաւ: Ոչ մէկ գրիչ քաջութինը ունեցաւ իր իսկութեանը մէջ գրի առնելու զայն: Պիպեռեան փորձեց եւ յաջողեցաւ: Ու իր վէպը պիտի մնայ եզակի երեւոյթ մը իսթանպուլահայ վերջին շրջանի գրական աշխարհին մէջ, որպէս յառաջդիմական շարժումի մը արգասիրքը»:

Ետեւի կողքը՝

«Ասոր տակէն բան մը պիտի ելլայ…»։

Այո, ամէն մարդ կը սպասէր եւ բնական կը գտնէր, որ «բան մը ելլայ»։ Բնականէն ալ անդին, անխուսափելի։ Եւ կը համակերպէր, կարծես կը մաղթէր, որ ժամ առաջ ըլլայ ըլլալիքը։ Ամէն մարդ անհանգիստ էր, երբ երկար ատեն բան մը չէր պատահեր։ Անբնական բան մը կը գտնէր խա-ղաղութեան մէջ։ Գուցէ ջիղերը կ՚աւրուէին։ Սեւ ամպ մը կը փնտռէր հորիզոնը, անհամբեր կը դառնար արեւը խափա-նուած տեսնելու։ Քոլեքթիվ մազոշիզմ չէ՞ր աս։

*

Հօրս հայրը շինել տուաւ ասիկա։ Ինք հող եղաւ։ Հայրս հող եղաւ։ Հօրեղբայրս հող եղաւ։ Այս հողով, այս քարով շինեցին։ Թող փլի։ Ինք ալ նորէն քար ըլլայ, հող ըլլայ։ Ասանկ թող մնայ, թող փլի։ Բայց պիտի չփլի։ Պիտի մնայ, մինչեւ աշխարհի վերջը պիտի մնայ։ Հազար տարի ետք ալ հոս եկողը, հիմերը պիտի տեսնէ, նայէ հոս տուն մը կայ եղեր, պիտի ըսէ, մարդիկ ապրեր են, պիտի ըսէ, պա-տին մէջ ծխնելոյզի ծակը պիտի տեսնէ, մեծմօրս վառած փայտին մուրը պիտի սրբէ մատներովը։ Ասիկա բուրգ չէ, մրջիւնի բոյն մըն է։

Հեղինակին մասին՝

Զաւէն Պիպեռեան

Ծնած է 1921-ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը։ Յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Տիպար կրթարան (Սուլթանեան) եւ Սեն Ժոզեֆ վարժարանները, բարձրագոյն կրթութիւնն ալ ստացած՝ Առեւտրային գիտութեանց ակադեմիայէն։

Աշխատակցած է պոլսահայ ու սփիւռքահայ մամուլին, երբեմն մաս կազմելով նաեւ անոնց խմբագրակազմերուն։ Քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով 1949-էն սկսեալ քանի մը տարի, մինչեւ 1953 թուականը, բնակութիւն հաստատած է Պէյրութ։

Պիպեռեան ունեցած է նաեւ քաղաքական գործունէութիւն. 1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եղած է երեսփոխանական թեկնածու՝ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան շարքերէն։ 1968-ի քաղաքային մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով ընտրուած է Իսթանպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, եղած՝ այդ խորհուրդին փոխ-նախագահը։

Գրականութեան առընթեր սիրողաբար հեղինակած է գեղանկարներ, արձանիկներ, շինած՝ խաղալիքներ. Մեծ կղզիի հանդէպ ունեցած է պաշտամունքի հասնող սէր մը։

Մահացած է 4 հոկտեմբեր 1984-ին, Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մտաւորականներու թաղը։

Գործածած է հետեւեալ գրչանունները՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ. Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեզիս, Կինօֆիլ. եւն.:

Զաւէն Պիպեռեանի հեղինակային գիրքերն են՝

«Մեղապարտ Ոսկին կամ աբեղայի մը Գողգոթան» (անթուակիր, հաւանաբար լոյս տեսած է 1953-էն առաջ)։

• «Լկրտածը» (վէպ, 1959, 2020), հեղինակային թարգմանութիւնը՝ Yalnızlar (վէպ, 1966, 2000), ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ La traînée (Ժընեւ, 2015)։

• «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961, 2017):

• «Անկուտի սիրահարներ» (վէպ, 1962, 2017), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Meteliksiz Âşıklar (2017)։

• «Մրջիւններու վերջալոյսը» (վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւնը՝ 2007, 2021), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Babam Aşkale’ye Gitmedi (1998), Karıncaların Günbatımı (2019) ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ Le crépuscule des fourmis (Ժընեւ, 2012)։

Car vivre, c’était se battre et faire l’amour (յետմահու հրատ., 2019):

«Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ» (բանաստեղծութիւններ, 2021)։

Մամուլի արձագանգ՝

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.