Ծնած է 1921-ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը։ Յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Տիպար կրթարան (Սուլթանեան) եւ Սեն Ժոզեֆ վարժարանները, բարձրագոյն կրթութիւնն ալ ստացած՝ Առեւտրային գիտութեանց ակադեմիայէն։
Աշխատակցած է պոլսահայ ու սփիւռքահայ մամուլին, երբեմն մաս կազմելով նաեւ անոնց խմբագրակազմերուն։ Քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով 1949-էն սկսեալ քանի մը տարի, մինչեւ 1953 թուականը, բնակութիւն հաստատած է Պէյրութ։
Պիպեռեան ունեցած է նաեւ քաղաքական գործունէութիւն. 1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եղած է երեսփոխանական թեկնածու՝ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան շարքերէն։ 1968-ի քաղաքային մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով ընտրուած է Իսթանպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, եղած՝ այդ խորհուրդին փոխ-նախագահը։
Գրականութեան առընթեր սիրողաբար հեղինակած է գեղանկարներ, արձանիկներ, շինած՝ խաղալիքներ. Մեծ կղզիի հանդէպ ունեցած է պաշտամունքի հասնող սէր մը։
Մահացած է 4 հոկտեմբեր 1984-ին, Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մտաւորականներու թաղը։
Գործածած է հետեւեալ գրչանունները՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ. Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեզիս, Կինօֆիլ. եւն.:
Զաւէն Պիպեռեանի հեղինակային գիրքերն են՝
• «Մեղապարտ Ոսկին կամ աբեղայի մը Գողգոթան» (անթուակիր, հաւանաբար լոյս տեսած է 1953-էն առաջ)։
• «Լկրտածը» (վէպ, 1959, 2020), հեղինակային թարգմանութիւնը՝ Yalnızlar (վէպ, 1966, 2000), ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ La traînée (Ժընեւ, 2015)։
• «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961, 2017):
• «Անկուտի սիրահարներ» (վէպ, 1962, 2017), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Meteliksiz Âşıklar (2017)։
• «Մրջիւններու վերջալոյսը» (վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւնը՝ 2007, 2021), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Babam Aşkale’ye Gitmedi (1998), Karıncaların Günbatımı (2019) ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ Le crépuscule des fourmis (Ժընեւ, 2012)։
• Car vivre, c’était se battre et faire l’amour (յետմահու հրատ., 2019):
• «Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ» (բանաստեղծութիւններ, 2021)։