Պատումներու այս երկրորդ շարքով, Անահիտ Սարգիսեան կը պատմէ այն աշխարհին մասին, ուր «իմս քուկդ չկա՛ր»։ Ընթերցողին առջեւ կը կախուի անհետացող աշխարհին սովորական առօրեայէն փրթած, գողտրիկ պատկերներ՝
աջ ձախ
առջեւ ետեւ
ո՛ւր որ դարձար
հո՛ն…
202,50 ₺
Etiket Fiyatı: 270,00 ₺
Ընդառաջումը Գրիգոր Պըլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոն է, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ պատկերներ ու խորհրդածութիւններ։ Իր չորս բաժիններով, գիրքը ընթերցողը կը մխրճէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։
300,00 ₺
Etiket Fiyatı: 400,00 ₺
«ԿԱՄ մատենաշար»ի այս երկրորդ միաւորը ԺԹ. դարու ազգայնացումի երեւոյթին կ՚անդրադառնայ, իրարմէ անջատելով ու կողք կողքի դնելով անոր երկու երեսները՝ ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը եւ առասպելաբանական կրօնքին գիւտը։ Երկուքին միջեւ կապակցութիւնը յայտնի կը դառնայ միայն երբ նկատի առնենք կայսերական իշխանութեան համակարգին մէջ՝ ենթակայ ժողովուրդներուն մօտ ազգայնացումի հոլովոյթը։ Նշանեան նոյն երեւոյթին երկու երեսներէն իւրաքանչիւրը պահած է իր բաժնին մէջ, երկուքին միջեւ ագուցումը կրկին…
585,00 ₺
Etiket Fiyatı: 650,00 ₺
Պատանիներու եւ երիտասարդներու համար նախատեսուած այս գիրքերը հաճելի եւ դիւրասահ ընթերցանութիւն մը կը պարգեւեն, ինչպէս նաեւ կը ծանօթացնեն համաշխարհային եւ հայ արդի գրականութեան կարեւոր անուններուն ու անոնց ստեղծագործութիւններուն։ Սարոյեան, Հատտեճեան, Էքզիւփերի, Որբունի, Մահարի, Սասունի, Մարկոսեան, Կարապենց, Մավեան եւ այլ հեղինակներ կարեւոր ըսելիքներ ունին պատանիներուն եւ երիտասարդներուն… Եկէ՛ք ականջ տանք անոնց…
845,00 ₺
Etiket Fiyatı: 1.300,00 ₺
Խաղա՛նք հայերէն… Սուտօքու մտածելու վարժանք մըն է նախեւառաջ եւ այս վարժանքը կարելի է առիթի վերածել նաեւ լեզուի զարգացման համար։ «Գոյնզգոյն Սուտօքու»ի երեք գիրքերը յատուկ զեղչով հասանելի են մէկ կապոցով։ 4-7 տարու մանուկներուն համար պատրաստուած «Գոյնզգոյն սուտօքու»ին նպատակն է մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնել մտախաղերու հանդէպ։
Ան կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը,…
511,50 ₺
Etiket Fiyatı: 930,00 ₺
Նազնազիկը, իր սակաւաթիւ էջերուն մէջ կը պարփակէ անսահման սէ՛րը, անսահման սէրով հիւսուած գեղեցիկ կապը մեծ մայրիկին եւ մէկ հատիկ թոռնիկին։
Փետուր էջերը յուշիկ յուշիկ թերթելով, մատղաշ ընթերցողը պիտի դառնայ ոսկի թոռնիկը այս գրքոյկին, պիտի մտնէ մեծ մայրիկին անյատակ կարի տուփին մէջ, շօշափելու արժէքներ, չնչին գանձեր՝ այսօր անտեսուած կամ ջնջուած։
Նախնիներէն հասած երգին ուժով, նախնիներէն հասած ի՛ր երգով, մատղաշ…
247,50 ₺
Etiket Fiyatı: 330,00 ₺
Բարի վերամուտ կը մաղթենք բոլոր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։ Վերամուտի առթիւ դպրոցական տարիքի հաճելի եւ օգտակար նոր կապոց մը պատրաստած ենք։ Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը, Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք, Ես կը գծեմ իմ ճամբան եւ Պարոն կւոձ գիրքերէն բաղկացած կապոցը, %50 զեղջ պիտի ունենայ ամբողջ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։
705,00 ₺
Etiket Fiyatı: 1.410,00 ₺
Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ վիպակի ընթերցողը կը հանդիպի պզտիկ աղջիկի մը, որ զինք կը տանի քաղաքի մը նեղլիկ փողոցները։ Միասին կը ծանօթանան շուքերու եւ գոյներու աշխարհի մը, ուր զարմանալի բաներ կը պատահին։
Տարիք՝ 4-11
345,00 ₺
Երբ մարդ ընկեր մը ունի, ո՛չ մէկ բանէ վախնալու պէտք ունի»։ Արջուկը եւ Վագրիկը մտերիմ ընկերներ են եւ ոչ մէկ բանէ կը վախնան, քանի որ միասին խենթանալիք ուժեղ են, արջուկի մը եւ վագրիկի մը պէս ուժեղ։ Գետակի եզերքին իրենց տունին մէջ շատ հանգիստ են։ Բայց եւ այնպէս, օր մը ճամբայ կ՚իյնան իրենց երազներուն երկիրը՝ Փանաման փնտռելու։ Ճամբան՝ գեղեցիկ անակնկալներու կը…
345,00 ₺
19րդ դարու կէսերուն, օր մը Արշիպալտ Լեոփոլտ Րութմոր կը ձգէ իր գեղեցիկ գրադարանը եւ սիրելի տունը ու կը մեկնի իր երազին ետեւէն, որ է՝ գտնել Հսկաներու երկիրը։ Տարբեր արկածախնդրութիւններէ, երկար նաւարկութենէ եւ շրջան մը՝ առանձին քալելէ ետք, վերջապէս կը հասնի, կը գտնէ այդ հսկաները ու կը մտերմանայ անոնց հետ։ Կը վերադառնայ Անգլիա ու գիրք մը կը գրէ անոնց մասին։ Սակայն…
500,00 ₺