Ուիլիըմ Սարոյեան

Ուիլիըմ Սարոյեան
Ուիլիըմ Սարոյեան

Սարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ (Քալիֆորնիա, ԱՄՆ), որպէս զաւակը Պիթլիսէն գաղթած հայ ընտանիքի մը։ Գրողի ձեւաւորման մէջ մեծ դեր խաղացած է ինքնակրթութիւնը, ամերիկեան ու համաշխարհային գրականութեան ընթերցումը։

 

Սարոյեան կանոնաւոր կրթութիւն չէ ստացած:

 

«Եօթը տարեկանին սկսայ լրագիրներ վաճառել մայթերուն ու խաչմերուկներուն վրայ: Երրորդ դասարաննէի, երբ առաջին անգամ շահեցայ դպրոցի ամենաչար տղու համբաւը, ու զիս յաճախ անկիւն մը կը կանգնեցնէին, կը հայհոյէին, մազերս ու ականջներս կը քաշէինեւ, ի վերջոյ, վռնտեցին դպրոցէն…»։

 

1922-ին, երբ մայրը իրեն կը յանձնէ հօր թուղթերէն ու տետրակներէն կազմուած ծրար մը, 14-ամեայ Ուիլիըմ կը սորվի, որ իր հայրը բանաստեղծ էր, բանաստեղծութիւններ գրած էր «հին հայրենիքի» լեզուով։

 

1926-ին 18-ամեայ Ուիլիըմ, որ մինչ այդ եղած էր թղթատար, սեւագործ բանուոր եւ Սան Հոաքինի ագարակներուն ու այգիներուն մէջ աշխատած էր որպէս մշակ, կը հեռանայ հարազատ ամերիկա-հայկական Ֆրեզնոյէն ու կ՚երթայ Սան Ֆրանսիսքօ: Կ՚աշխատի որպէս հեռագրատան ծառայող, մարզային ապրանքներու խանութի վաճառող, պահեստի բանուոր: Ոչ մէկ տեղ երկար կը մնայ, կ՚ապրի վարձու սենեակներումէջ:

 

Առաջին անգամ իր ստեղծագործութիւնը կը տպագրուի 1933-ին, Պոստոնի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ։ 1939-ին Ուիլիըմ Սարոյեան վեց օրուան ընթացքին կը գրէ «Քու կեանքի ժամերը»: Այս ստեղծագործութեան շնորհիւ գրողը կ՚արժանանայ Փուլիցերի եւ Նիւ Եորքի քննադատներու հեղինակաւոր գրական մրցանակներուն: 1940-ին Սարոյեան կը հրաժարի առաջին մրցանակէն՝ յայտարարելով, որ «Առեւտուրը իրաւունք չունի հովանաւորելու արուեստը»:

 

Գրական կեանքի առաջին տասնամեակին Սարոյեան գրած է քանի մը հարիւր պատմուածքներ, որոնց մեծ մասը ամփոփուած են աւելի քան տասը հատորներու մէջ։ Սարոյեան յատկապէս կարճ պատմուածքի, նորավէպի մէջ մուծած է տեղի ու ժամանակի իրողութեան հետ սերտօրէն կապուած ընկերական-հոգեբանական թարմ նիւթեր, արդիական հնչեղութիւն ունեցող մարդասիրական բարոյական տարրեր, պատումի նոր ձեւեր։

 

1942-ին Սարոյեան կը զօրակոչուի։ Բանակի մէջ կ՚աշխատի զինուորական բեմագրութիւններու ստեղծման վրայ։ Ան պատերազմը ընկալած է որպէս աղէտ։ Այսնիւթը արտացոլած է «Մարդկային կատակերգութիւն» վիպակին եւ «Ուեսլի Ճեքսընի արկածները» վէպին մէջ։

 

1950-1960-ական թթ. Սարոյեան ապրած է Եւրոպայի մէջ, ապա դարձեալ հաստատուած է ԱՄՆ։ Այդ տարիներուն ինքնակենսագրական նիւթի օգտագործումով ստեղծած է հոգեբանական վիպակներու շարք։

1960-ականներէն սկսեալ գրած է յուշագրական գործեր։ Յատկապէս ուշագրաւ են Պեռնարտ Շոուին, Չարլի Չափլինին, Թ. Ս. Էլիըթին, Եղիշէ Չարենցին նուիրուած էջերը, հեղինակի մտորումները գրականութեան կոչման վերաբերեալ։

 

Ան 1964-ին այցելած է իր պապերուն հայրենիքը՝ Պիթլիս, իսկ 1976 ու 1978 թուականներուն ալ Սովետական Հայաստան։

 

Ուիլիըմ Սարոյեան մահացած է 16 Մայիս 1981-ին, Ֆրեզնօ։ Աճիւնի մէկ մասը թաղուած է Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.